Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թրամփ Խոստացած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Չկիրարկել»

Յուլիս 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ իրեն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վստահեցուցած է, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի չհաստատուին:

«Անձամբ իրմէ լսեցինք, թէ ատիկա տեղի պիտի չունենայ: Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական գործընկերներ ենք: Իբրեւ ռազմավարական գործընկերներ, ոչ ոք իրաւունք ունի Թուրքիոյ գերիշխանական իրաւունքներուն դպչելու: Բոլորը ասիկա պէտք է գիտնան», ըսաւ Էրտողան:

«Այն, ինչ որ աւելի ցած պաշտօն ունեցող մարդիկ կ՛ըսեն, համահունչ չէ պարոն Թրամփի մօտեցումին: Կը հաւատամ, որ անոնք պիտի չկարենան վնաս հասցնել մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն, եւ ասիկա յանձնառութիւն մըն է, որ կը ստանձնենք», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Թրամփ, հանդիպումէն առաջ Էրտողանի կողքին նստած լրագրողներուն յայտնեց, որ Թուրքիան «Էս-400»-ներ գնելու իր որոշումին պատճառով անարդար վերաբերմունքի արժանացած է:

Ան ստեղծուած «վատ կացութեան» համար այպանեց նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը:

Թրամփ, սակայն, բացայայտօրէն չբացառեց պատժամիջոցները` նշելով, որ հարցը կը քննարկուի, սակայն անիկա «երկու ուղղութիւնով ճամբայ է», եւ երկու կողմերը կը սերտեն «տարբեր լուծումներ»:

«Անոր (Էրտողանին) թոյլ չտուին գնել իր ուզած հրթիռը, որ «Փաթրիոթ»-ն էր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է մարդոց հետ արդարօրէն վարուիս: Եւ չեմ կարծեր, որ ան արդար վերաբերմունքի արժանացաւ»:

Թրամփ յայտնեց, թէ Էրտողան «կանխիկ հսկայական գումար մը» վճարեց «Լոքհիտ» ընկերութեան` «Էֆ-35 հալածիչներուն համար, «եւ այժմ անոնց յանձնումը կ՛ուզէ»:

«Այժմ կ՛ըսեն, թէ ան  կ՛օգտագործէ «Էս-400» համակարգը, որ համատեղելի չէ մեր համակարգին հետ, եւ եթէ «Էս-400» համակարգը օգտագործես, Ռուսիոյ եւ ուրիշներու հասանելի կը դառնայ «Էֆ-35»-ի հրաշքը, ուստի վատ կացութիւն մըն է: Անկեղծօրէն, Էրտողանի յանցանքը չէ», ըսաւ Թրամփ:

Նախորդը

Թուրքիա Կը Սպառնայ Հակադարձել Հաֆթարի Ղեկավարած Ուժերուն Կողմէ Լիպիոյ Մէջ Իր Շահերուն Դէմ Որեւէ Յարձակումի

Յաջորդը

Թրամփ-Ըն «Պատմական» Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?