Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խարթումի Մէջ Իշխանութիւնը Քաղաքայիններու Յանձնելու Պահանջով Մեծ Քայլարշաւ

July 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սուտանի բժիշկներու յանձնախումբ»-ը յայտարարեց, թէ Աթրապայի մէջ ցուցարար մը կուրծքէն փամփուշտ մը ստանալով սպաննուած է, եւ սուտանեան ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է` ցրուելու համար Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ երէկ տեղի ունեցած քայլարշաւին մասնակից միլիոնաւոր ցուցարարները:

Մինչ ընդդիմադիր «Ազատութեան ու փոփոխութեան հռչակագիր»-ի ուժերը ցուցարարներուն կոչ ուղղեցին համախմբուելու, սուտանեան ապահովական ուժերու մեծաթիւ ներկայութիւնը նկատուեցաւ ապրիլին նախկին նախագահ Օմար Պաշիրի տապալումէն ի վեր մեծագոյնը:

Մայրաքաղաքին մէջ ընդդիմութեան իշխանութիւնը քաղաքայիններուն յանձնելու պահանջով հրաւիրուած քայլարշաւէն առաջ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ եւս տեղի ունեցան զինուորականներու իշխանութիւնը մերժող ցոյցեր ու հաւաքներ:

Մինչ Եւրոպական Միութիւնը, արեւմտեան երկիրներ եւ մարդկային իրաւանց խմբաւորումներ Սուտանի զինուորական խորհուրդին կոչ ուղղեցին ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ չկիրարկելու` խորհուրդը լրատուամիջոցներուն արգիլեց ցոյցերու ուղղակի սփռում կատարել:

Նախքան ցոյցերը, զինուորական խորհուրդը «Ազատութեան ու փոփոխութեան հռչակագիր»-ի ուժերը պատասխանատու նկատեց բողոքի ցոյցերուն պատճառով «ապահովական մագլցումին» համար:

Խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդդիմութիւնը պատասխանատու նկատեց ցոյցերու ընթացքին ոեւէ կեանքի կորուստի, քաղաքացիներուն ու պետութեան հաստատութիւններուն ճամբաներուն փակման համար հասնելիք որեւէ վնասի համար:

Նախորդը

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մասին. «Առաջին Անգամ Ըլլալով Լսեցինք Թրամփի Այդ Առնչութեամբ Փափաքին Մասին» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Սպառնայ Հակադարձել Հաֆթարի Ղեկավարած Ուժերուն Կողմէ Լիպիոյ Մէջ Իր Շահերուն Դէմ Որեւէ Յարձակումի

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.