Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ-Ըն «Պատմական» Հանդիպում

July 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Քորէական թերակղզիի ապազինեալ գօտիին մէջ` երկու Քորէաներու սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպում մը, որ տեւեց աւելի քան մէկ ժամ:

Հանդիպումը մէկ օր առաջ նախաձեռնած էր ամերիկեան կողմը:

Հանդիպումի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը հրաւիրեց այցելելու Սպիտակ տուն, «երբ պահը հասուննայ»:

Ըն Թրամփին առաջարկեց անցնիլ սահմանը եւ մուտք գործել Հիւսիսային Քորէա: Այդպիսով Թրամփ դարձաւ Հիւսիսային Քորէայի հողին վրայ ոտք կոխած` պատմութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը:

«Սահմանէն այն կողմ ոտք դնելը ինծի համար մեծագոյն պատիւ է: Մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է: Մեր միջեւ հիանալի բարեկամութիւն հաստատուած է», ըսաւ Թրամփ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին այդքան արագ դրական պատասխան տալուն համար` ընդգծելով, որ հանդիպումին համար անոր մէկ օր առաջ դիմած է:

Սպիտակ տան ղեկավարը հանդիպումը կոչեց պատմական` քննադատելով անոնք, որոնք այն կարծիքը յայտնած էին, թէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին հետ իր երկու վեհաժողովները մնացած էին ապարդիւն:

Թրամփ յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է ստեղծելու աշխատանքային խմբակ մը, որ պիտի մշակէ «լաւ գործարքին» մանրամասնութիւնները: Խումբերը պիտի սկսին աշխատիլ 2-3 շաբաթէն: Բանակցողներու ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Հիւսիսային Քորէայի հարցերով յատուկ դեսպան Սթիվըն Պիկնը:

Թրամփ-Ըն նախորդ հանդիպումը, որ տեղի ունեցած էր Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ, անսպասելիօրէն ընդհատուած էր. կողմերը չէին յաջողած բանակցային նիւթերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը իր կարգին ըսաւ, թէ Թրամփի` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Հիւսիսային Քորէայի սահմանէն ներս ոտք դնելը կը վկայէ անցեալի յարձակողականութիւնը նուազեցնելու եւ նոր ապագայ կառուցելու պատրաստակամութեան մասին:

Քիմ Եոնկ Ըն Թրամփը հրաւիրեց Փիոնկիանկ:

Նշենք, որ Թրամփ հանդիպումի վայր հասաւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ինի ընկերակցութեամբ եւ աւելի քան մէկ ժամ սպասեց իր հիւսիսային քորէացի պաշտօնակիցին ժամանման:

Նախորդը

Էրտողան. «Թրամփ Խոստացած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Չկիրարկել»

Յաջորդը

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Դարձեալ Իր Հրթիռներով Թիրախ Կը Դարձնէ Դամասկոսի Շրջակայքը Եւ Հոմսը

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.