Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապահովական մարմիններու անդամ մը զոհուած է եւ 9 ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ Թունուզի մայրաքաղաքի Հապիպ Պուրքեպա թաղամասին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցած է:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրորդ պայթում մը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնատեղիի կառատան մէջ:
Պայթումներէն ետք, Թունուզի մայրաքաղաքի հիւանդանոցներուն մէջ յայտարարուեցաւ արտակարգ իրավիճակ:
Հապիպ Պուրքեպա թաղամասը հարուածած անձնասպանական գործողութիւնը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ: Ապահովական մարմինները փակած են շրջանը եւ կանգնեցուցած ինքնաշարժներու երթեւեկը: Անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ինքզինք պայթեցուցած է, երբ յայտնաբերուած է:
Յայտնենց, որ երէկ աւելի ուշ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ստանձնեց երկու պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:
Միւս կողմէ, Թունուզի նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ երկրին նախագահը առաւօտեան շատ անհանգստացած է, որուն պատճառով զինք փոխադրած են հիւանդանոց:



