Միացեալ Նահանգներուն կողմէ մէկ տարի առաջ իբրեւ Թուրքիոյ դեսպան նշանակուած Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի թեկնածութիւնը արժանացած է Ծերակոյտի հաւանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Սաթըրֆիլտ կը սպասէր Ծերակոյտի հաստատման, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էր 16 փետրուարէն ի վեր:
Թրամփի վարչակազմը Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Պասի փոխարէն տակաւին ոչ մէկ նշանակում կատարած է: Հոկտեմբեր 2017-ին, երբ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին Թուրքիոյ հետ ոչ ներգաղթային մուտքի արտօնագիրներու ծառայութիւնը դադրեցնելու մասին, Էրտողան յայտարարեց, որ Պասը չի ճանչնար իբրեւ իր երկրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:
Ըստ Թրամփի, Սաթըրֆիլտ արտաքին գործոց նախարարութեան ամէնէն փորձառու դիւանագէտներէն է: 1980 թուականէն ի վեր յատկապէս Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներուն մէջ պաշտօններ վարած Սաթըրֆիլտ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Ասթանայի մէջ սկսած հոլովոյթին կը մասնակցէր իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դէտ:
Նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմի օրերուն, արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսի կողմէ իբրեւ փորձառու դիւանագէտ Լիբանանի, Սուրիոյ, Թունուզի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուներուն մէջ նշանակուած է տարբեր պաշտօններու: Ան Պարաք Օպամայի կառավարման շրջանին եղած է թերակղզիին մէջ խաղաղութեան ապահովման պատասխանատու, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ 2013-2014 թուականներուն եղած է հաւատարմատար:
Յիշեցնենք, որ ան սեպտեմբեր 1998-էն յունիս 2001 եղած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:



