Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մասին. «Առաջին Անգամ Ըլլալով Լսեցինք Թրամփի Այդ Առնչութեամբ Փափաքին Մասին» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յուլիս 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով խօսած է Ռուսիոյ հետ կառուցողական երկխօսութիւնը աշխուժացնելու իր մտադրութեան մասին:

«Թրամփ շարունակ կը խօսէր երկխօսութիւնը աշխուժացնելու իր մտադրութեան մասին, իսկ Փութին շատոնց կը խօսէր յարաբերութիւններու բնականոնացման ու զարգացման ուղիով ընթանալու իր փափաքին մասին: Ան նոյն ատեն կ՛ըսէր, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նոյնպիսի փափաքի մը բացակայութեան այդ մասին խօսիլը, դժբախտաբար, անկարելի բան մըն է, իսկ այժմ առաջին անգամ ըլլալով այդ մտադրութեան մասին լսեցինք Միացեալ Նահանգներու նախագահէն: Տեսնենք, թէ հետագային ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ Փութինի բանբերը:

Փեսքով նշեց, թէ երկու նախագահները Ճափոնի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնած են շարունակելու երկխօսութիւնը: «Փութին եւ Թրամփ վստահութեամբ կը խօսէին բարձր մակարդակով հաղորդակցութիւնները շարունակելու մասին, եւ առնուազն, երբ իրարու ցտեսութիւն յայտնեցին, ըսին, թէ ատիկա երկար ժամանակի համար չէ», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:

Փութին շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին գնահատած էր Թրամփի հետ իր հանդիպումը` ըսելով. «Լաւ հանդիպում էր, շատ գործնական, մենք անդրադարձանք բոլոր հարցերուն, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն»:

Անոր համաձայն, բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուած է երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու հարցը: Ղեկավարները արձանագրած են ամերիկեան տնտեսական շահը, հաստատած են պատրաստակամութիւնը ստեղծելու ձեռնարկատէրերէ կազմուած կառոյց մը, որ պիտի ուսումնասիրէ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման հեռանկարները: Փութին աւելցուցած էր, թէ խորհրդակցութիւնը, ընդհանուր առմամբ, օգտակար էր:

Թրամփ իր կարգին Փութինի հետ հանդիպումը նկատած էր հիանալի եւ Ռուսիոյ նախագահը կոչած «հոյակապ տղայ»: Ամերիկացի ղեկավարին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է «երկու մեծ երկիրներուն» միջեւ առեւտուրի հարցը:

 

 

Նախորդը

«Ուաշինկթընի Կողմէ Զարիֆի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը Պիտի Փակէ Մեր Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Դիւանագիտութեան Ուղին» Կ՛ըսէ Ամիրի

Յաջորդը

Խարթումի Մէջ Իշխանութիւնը Քաղաքայիններու Յանձնելու Պահանջով Մեծ Քայլարշաւ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?