Միջազգային

Առաջին «Էս-400»-ները Պիտի  Մատակարարուին Կիրակի Օր

Առաջին «Էս-400»-ները Պիտի Մատակարարուին Կիրակի Օր

«Էս-400»-ները Պիտի Կիրարկուին Աշխուժօրէն» Կ՛ըսէ Քալըն Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ Ռուսիայէն մատակարարուելիք «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը պիտի կիրարկուին աշխուժօրէն: Քալըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, թէ այդ համակարգերը պաշտպանական են եւ վտանգ պիտի չներկայացնեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: «Այս համակարգը ՕԹԱՆ-ի մէջ տեղ գտած անվտանգութեան համակարգերու համար վտանգ պիտի չդառնայ: Մեր պաշտպանութեան...

Ցոյցերէ Եւ Բախումներէ Ետք  Ձերբակալութիւններ` Սպիտակ Տան Առջեւ

Ցոյցերէ Եւ Բախումներէ Ետք Ձերբակալութիւններ` Սպիտակ Տան Առջեւ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութիւնը ապահովող Գաղտնի ծառայութեան պատասխանատուները յայտարարեցին, թէ Ամերիկայի անկախութեան տօնին ընթացքին Սպիտակ տան առջեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ բուռն բախումներէ ետք ձերբակալած են երկու անձեր: Մինչ ամերիկացի քաղաքայիններ Սպիտակ տան առջեւ հաւաքուած էին լսելու Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնին առիթով երկրի նախագահին արտասանելիք խօսքը եւ դիտելու հրավառութիւնը, անոնց շատ մօտ ընթացք առաւ ցոյց...

Սէուտական Արաբիոյ Պատմութեան Մէջ Առաջին  Կին Դեսպանը Ստանձնած Է Իր Պաշտօնը

Սէուտական Արաբիոյ Պատմութեան Մէջ Առաջին Կին Դեսպանը Ստանձնած Է Իր Պաշտօնը

Ռիմա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանուհին դարձած է Սէուտական Արաբիոյ պատմութեան մէջ դիւանագիտական բարձր պաշտօն ստանձնող առաջին կինը: Ան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան: Նոր նշանակուած դեսպանը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ ուրախ է «հիանալի խմբակի հետ» սկսելու Ուաշինկթընի մէջ իր աշխատանքին: Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորը Ռիմա պըն Ապտել...

Նիւսըմ Ստորագրեց Հայ-Ամերիկեան  Թանգարանի Ծրագիրին 5 Միլիոն  Տոլար Տրամադրող Ամավարկը

Նիւսըմ Ստորագրեց Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին 5 Միլիոն Տոլար Տրամադրող Ամավարկը

Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ ստորագրուած 2019-2020 նահանգային ամավարկին մէջ տեղ գտած է նաեւ թանգարանին 5 միլիոն տոլար յատկացնելու պայմանը, որուն շնորհիւ ցարդ թանգարանին կատարուած նահանգային իշխանութիւններուն ներդրումները պիտի հասնին 8 միլիոն տոլարի: Յայտնենք, որ մայիսին այս նպատակով հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանի ղեկավարութեան եւ նահանգապետի օրէնսդրական հարցերու քարտուղար Էնթընի Ուիլիըմզի...

Էրտողան Միացեալ Նահանգները  Կը Մեղադրէ Թալանի Մէջ

Էրտողան Միացեալ Նահանգները Կը Մեղադրէ Թալանի Մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է այն յայտարարութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան հրաժարիլ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարումէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթեքարինճա» կայքը: Թուրքիոյ ղեկավարը իր դժգոհութիւնը յայտնած է` նշելով, որ պարտաճանաչ գումարը վճարող յաճախորդը չի կրնար ստանալ այն, ինչի համար վճարած է: «Եթէ դուն պարտաճանաչօրէն կը կատարես վճարումները, ինչպէ՞ս կրնան յաճախորդին չտալ իր ապրանքը: Ատիկա թալան կը...

Անգարա Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի  Միջեւ Միջնորդի Դերին Կը Ձգտի

Անգարա Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դերին Կը Ձգտի

«Ռուսիան Պէտք Է Վերահսկէ Իտլիպի Մէջ Սուրիական Բանակի Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Կրնանք Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանի միջեւ միջնորդ ըլլալ: Իրանցի ժողովուրդը ամերիկեան պատժամիջոցներէն վնասուող առաջին կողմն է, իսկ Իրանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր է ամբողջ շրջանին համար»: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց. «Ռուսիան պէտք է վերահսկողութեան տակ առնէ սուրիական վարչակարգին Իտլիպի մէջ կատարած...

«Սպառնալիքներ Հնչեցնելու Ատեն Զգուշ Եղի՛ր, Իրա՛ն»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Սպառնալիքներ Հնչեցնելու Ատեն Զգուշ Եղի՛ր, Իրա՛ն» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի կառավարութեան խորհուրդ տուած է զգուշ ըլլալ եւ սպառնալիքներ չհնչեցնել, այլապէս, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին համաձայն, անոնք կրնան իրենց դէմ դառնալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւրոպացի գործընկերները նախազգուշացուցած էր, թէ Թեհրան կիրակի օրուընէ սկսեալ իւրանիոմի հարստացումը իր ուզած մակարդակով կրնայ իրականացնել: «Իրան հերթական սպառնալիքը կը հնչեցնէ:...

Թուրքիան Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնէ Չինաստանի Հետ  Իր Յարաբերութիւններուն Մէջ Սեպ Խրել

Թուրքիան Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնէ Չինաստանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Մէջ Սեպ Խրել

«Ույղուրներու Շինճիանկ Շրջանին Մէջ Փոքրամասնութիւնները Երջանիկ Կեանք Կ՛ապրին» Կ՛ըսէ Էրտողան Չինական պետական «Սինճուա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր չինացի պաշտօնակից Շի Ցզինփինկին յայտնեց, որ Շինճիանկ նահանգին մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները` ույղուրները ուրախ կեանք կ՛ապրին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու չորս ամիս առաջ թրքացեղ իսլամ ույղուրներուն նկատմամբ չինական իշխանութիւններու վարմունքը նկատած էր «մարդկութեան համար մեծ...

Թրամփ Նշած Է Աֆղանիստանէն  Ամերիկեան Զօրքերու Հեռացման Պայմանները

Թրամփ Նշած Է Աֆղանիստանէն Ամերիկեան Զօրքերու Հեռացման Պայմանները

Ամերիկեան ուժերը վերջնական հաշուով անհրաժեշտ է հեռացնել Աֆղանիստանէն, սակայն երկրին մէջ պէտք է պահպանուի Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններու մնայուն ներկայութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը` խօսելով Աֆղանիստանի մասին, յայտնած է, որ ամերիկացի զինուորները այդ երկրին մէջ կը գտնուին շատ երկար ժամանակէ ի վեր:...

Թրամփ Նշած Է Աֆղանիստանէն  Ամերիկեան Զօրքերու Հեռացման Պայմանները

«Ճափոնի Մէջ Հանդիպում Ունեցայ Նախագահներու, Վարչապետներու Եւ Բռնապետներու Հետ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպում ունեցած է վեհաժողովի մասնակից երկիրներու ղեկավարներու մեծամասնութեան հետ, որոնց շարքին եղած են նաեւ բռնապետներ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ես Ճափոնի մէջ շատ ժամանակ անցուցած եմ: Այնտեղ ես հանդիպում ունեցած եմ ղեկավարներու հետ: Հանդիպում ունեցած եմ նախագահներու, վարչապետներու եւ բռնապետներու հետ»,...

Թրամփ Նշած Է Աֆղանիստանէն  Ամերիկեան Զօրքերու Հեռացման Պայմանները

«ՕԹԱՆ-ին Անդամակցած Պալքանեան Երկիրները Առաւելութիւններ Չեն Ստացած» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

ՕԹԱՆ-ին անդամակցած պալքանեան երկիրները առաւելութիւններ չեն ստացած: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սերպիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Պոցան-Խարչենքոն: Դեսպանը բացատրած է, թէ անդամակցութենէն առաջ այդ երկիրներուն կ՛ըսէին, թէ, օրինակ, ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը պիտի մեծցնէ անոնց ներդրումային գրաւչութիւնը եւ շօշափելի տնտեսական արդիւնք պիտի ունենայ, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ: Ընդհակառակն, ըստ դեսպանին, անդամ երկիրները յաւելեալ ծախսեր ունեցան` կազմակերպութեան պահանջներուն...

Հրապարակուած Է Ազրպէյճանի Մէջ  ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներու Առաջին Տեսանիւթը

Հրապարակուած Է Ազրպէյճանի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներու Առաջին Տեսանիւթը

Ազրպէյճանի մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները հրապարակած են տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երդնուն խմբաւորման ղեկավարին: Այս մասին յայտնած է «ՍԱՅԹ Ինթերիճընս Կրուփ»-ը: Ասիկա առաջին այսպիսի տեսանիւթն է, որ նկարահանուած  է Ազրպէյճանի մէջ: Տեսանիւթին մէջ դիմակներով եւ քալաշնիքովներով երեք զինեալներ, իրենց ետին ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը, կը սպառնան «բռնակալներուն» եւ իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն այսպէս կոչուած Իսլամական պետութեան խալիֆա Ապու Պաքր Պաղտատիին:

«Արաքի Հիւլէական Հնոցը 7 Յուլիսէն Ետք  Պիտի Վերադառնայ Իր Աշխատանքի  Նախկին Մակարդակին»  Յայտարարեց Ռուհանի

«Արաքի Հիւլէական Հնոցը 7 Յուլիսէն Ետք Պիտի Վերադառնայ Իր Աշխատանքի Նախկին Մակարդակին» Յայտարարեց Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց. «Արաքի հիւլէական հնոցը 7 յուլիսէն ետք պիտի վերադառնայ իր աշխատանքի նախկին մակարդակին, եթէ հիւլէական համաձայնութեան յանձնառու կողմերը իրենց խոստումները չյարգեն»: «Իրան հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը պիտի վերականգնէ, եթէ միւս կողմերը եւս շարունակեն անոր յանձնառու մնալ», ըսաւ ան: «Ամերիկան ու Եւրոպան կը յորդորենք վերադառնալու բանակցութեան սեղան, յարգելու օրէնքը եւ հետեւելու հիւլէական համաձայնութեան կէտերուն», աւելցուց Ռուհանի:...

«Սուրիոյ Հարցով Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան  Վեհաժողովի Յստակ  Թուական Մը Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Վերշինին

«Սուրիոյ Հարցով Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողովի Յստակ Թուական Մը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Վերշինին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողովի մը յստակ թուական մը գոյութիւն չունի: «Յստակ առաջարկներ չունինք, սակայն գնդակը Թուրքիոյ դաշտն է, եւ որքան ատիկա արագ ըլլայ, բնականաբար այդքան լաւ կ՛ըլլայ` նկատի ունենալով կացութեան զարգացումը», ըսաւ Վերշինին` անդրադառնալով Իտլիպի մէջ ստեղծուած կացութեան: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան,...

«Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Զինուորական  Միջամտութեան, Եթէ Ծոցի Մէջ  Որեւէ Մագլցում Արձանագրուի»  Կ՛ըսէ Քաց

«Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Զինուորական Միջամտութեան, Եթէ Ծոցի Մէջ Որեւէ Մագլցում Արձանագրուի» Կ՛ըսէ Քաց

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իսրայէլ զինուորական հաւանական միջամտութեան կը պատրաստուի, եթէ Ծոցի շրջանին մէջ որեւէ մագլցում արձանագրուի»: Քաց «Հերցիլիա» խորհրդաժողովի ծիրին մէջ յայտնեց. «Իրան կրնայ հարցերու սխալ գնահատում կատարել, ինչ որ ճակատումի կը յանգեցնէ»: «Պէտք է ատոր պատրաստուիլ եւ Իսրայէլ պէտք է շարունակէ իր զինուորական ուժերը ամրապնդել` նախապատրաստուելով կացութեան մը, ուր պիտի ստիպուի մագլցումի բեմագրութիւններու հետ գործ...

Փութին-Ռուհանի-Ալիեւ Եռակողմ  Հանդիպումը` 14 Օգոստոսին

Փութին-Ռուհանի-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը` 14 Օգոստոսին

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին 14 օգոստոսին: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Իրանի իսլամական խորհուրդի ժողովի նախագահի տեղակալ Մահմուտ Փեզեշքեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Իլիաս Ումախանովը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ նշեալ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ:

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

«Իրանեան Վարչակարգը Պէտք Է Վերջ Տայ Իր Հիւլէական Փառամոլութեան Ու Վնասակար Վարմունքին» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգը այսօր երկրին մէջ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը բարձրացնելու քայլին դիմեց: Հիւլէական համաձայնագիրը սխալ գործեց Իրանին արտօնելով որեւէ մակարդակի վրայ իւրանիոմ հարստացնել: Անկասկած, Իրան համաձայնութեան պայմանները կը խախտէր նոյնիսկ զայն ստորագրելէն առաջ»: «Երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունեցող տարածման ու հարստացման արգիլման չափանիշը վերադարձնենք Իրան: Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները երբեք Իրանին պիտի չարտօնեն...

«Էս-400»-ները Կրնան Տեղակայուիլ  Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ»  Կ՛ըսէ Չոնքար

«Էս-400»-ները Կրնան Տեղակայուիլ Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ» Կ՛ըսէ Չոնքար

Ռուսական «Էս-400» հակաօդային հակամակարգերը կրնան տեղակայուիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ, սակայն վերջնական որոշում տակաւին չէ տրուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ թրքական խումբի փոխնախագահ, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Ահմեթ Պերաթ Չոնքար: «Մեր շուրջ շարք մը թեժ կէտեր կան` Իրաք, Իրան, Սուրիա, Կիպրոս, մեր ամբողջ շրջանը կարծես վառօդի մեծ տակառ է: Առաւել մեծ...

«Իրանի Հետ Միայն Յարգանքով Պէտք Է Խօսիլ»   Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Իրանի Հետ Միայն Յարգանքով Պէտք Է Խօսիլ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Աշխարհին պիտի ստիպենք Իրանի հետ միայն յարգանքով խօսիլ: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ Իրանի հանքային արդիւնաբերութեան ազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ: Ան նաեւ նշած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային բանակցութիւններու ժամանակ «անոնց ցոյց կու տանք իրենց տեղը»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, կարեւոր նկատելով ներկայ պայմաններուն մէջ հանքային արդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման անհրաժեշտութիւնը,...

Ռուսիա Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Պատերազմական Նոր  Օդանաւեր Վաճառելու

Ռուսիա Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Պատերազմական Նոր Օդանաւեր Վաճառելու

Ռուսիան պատրաստ է Ազրպէյճանին որեւէ տեսակի պատերազմական օդանաւ վաճառելու: Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Արմի-2019» սպառազինութեան միջազգային համախմբումին ընթացքին յայտարարած են Միացեալ օդանաւաշինութեան ընկերութենէն: Կը նշուի, որ համախմբումի ծիրին մէջ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ. անոնց տեղեկացուցած են ընթացիկ նախագիծերու մասին:

Page 520 of 884 1 … 519 520 521 … 884

Արխիւներ