Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման նշեց. «Համասի հետ մեր յարաբերութիւնները սկսան 13 տարի առաջ` Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով»` աւելցնելով. «Համասի հետ մեր կապի հաստատումը յանգեցուց զինադադարի եւ գերիներու ազատ արձակման»:
Ան Տոհայի ֆորումի ընթացքին նշեց. «Մեր աջակցութիւնը Կազայի բնակչութեան կը յատկացուէր, եւ ոչ թէ Համաս շարժումին: Պնդելը, թէ Քաթարը Համասը կը ֆինանսաւորէ, անհիմն է եւ պարզապէս ամբաստանութիւններ»:
«Շրջանին մէջ խաղաղութիւնը չի կրնար իրականանալ առանց բոլոր կողմերուն ներքաշման, եւ երբ միջնորդը տագնապի կողմերէն մէկուն կողմէ ռմբակոծման կ՛ենթարկուի, ապա ատիկա անբարոյական ու անհասկնալի արարք է», ըսաւ Քաթարի վարչապետը:
«Պիտի շարունակենք պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցիլ, սակայն ուրիշներու քանդածին վերաշինութիւնը պիտի չֆինանսաւորենք», նշեց Քաթարի վարչապետը` շեշտելով. «Կազայի բնակիչները չեն ուզեր իրենց երկրէն հեռանալ, եւ ոչ ոք կրնայ անոնց հեռանալ ստիպել», շեշտեց ան:
«Կազայի ներկայ կացութիւնը չի կրնար այսպէս շարունակուիլ, եւ խախտումները տագնապի վերսկսման վտանգը կը պարունակեն», աւելցուց վարչապետը:


