Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:
«Կրնամ ըսել, թէ զրոյցը տեղի ունեցաւ յարգալից ոճով, եւ կրնամ մինչեւ իսկ ըսել, թէ բարեկամական էր», նշեց Մատուրօ:
«Ատկէ աւելի հեռու պիտի երթամ: Եթէ այս կոչով դէպի յարգալից, պետութենէ պետութիւն, երկխօսութիւն քայլեր կ՛որդեգրենք, ապա կ՛ողջունենք երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ խաղաղութեան պիտի ձգտինք», աւելցուց ան:
Թրամփ կիրակի օր ընդունեց, թէ մամուլի մէջ հաղորդուած հեռաձայնային այդ հաղորդակցութիւնը կատարած է:
Թրամփ չորեքշաբթի օր յայտնեց. «Անոր հետ հակիրճ խօսեցայ: Անոր կարգ մը բաներ ըսի: Տեսնենք ինչ պիտի պատահի»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատկէ ետք Մատուրոյի հետ դարձեալ խօսա՞ծ է, Թրամփ հերքեց Ուաշինկթընի մէջ շրջանառուած տարաձայնութիւնը ըսելով. «Ո՛չ, չխօսեցայ»:
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլա Մատուրօ նախքան այդ Քարաքասի մէջ հազարաւոր համակիրներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ կը մերժէ «ճորտերու խաղաղութիւնը»` նշելով, որ Քարայիպեան շրջանին մէջ ամերիկեան բանակի տեղակայումը 22 տարիէ ի վեր երկիրը կը վտանգէ:
«Խաղաղութիւն կ՛ուզենք, սակայն գերիշխանութեամբ, հաւասարութեամբ, ազատութեամբ խաղաղութիւն մը կ՛ուզենք, եւ ո՛չ թէ ճորտերու խաղաղութիւնը, ո՛չ ալ գաղութատիրութեան խաղաղութիւնը»:


