Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Չինաստանը կոչած է Բրիտանիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք, սակայն Փեքինի հետ համագործակցութեան թեր արտայայտուած է: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Այո՛, ասիկա երկիր մըն է, որ Բրիտանիոյ ազգային անվտանգութեան համար իրական սպառնալիք կը ներկայացնէ», պնդած է բրիտանական կառավարութեան ղեկավարը Լոնտոն Սիթիի լորտ-քաղաքապետին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող աւանդական ճաշկերոյթի ընթացքին:
Սթարմըր միեւնոյն ժամանակ քննադատած է Լոնտոնի եւ Փեքինի միջեւ ամուր յարաբերութիւններու բացակայութիւնը:
«Ժամանակն է լուրջ մօտեցման, մերժելու «Ոսկեդար» կամ «Սառոյցէ դար» պարզունակ երկընտրանքը եւ ընդունելու այն ակնյայտ փաստը, որ կարելի է աշխատիլ եւ առեւտուր ընել երկրի հետ», ըսած է Բրիտանիոյ վարչապետը:


