Սիտնիի Ծովեզերքին Վրայ Ահաբեկչական Յարձակում Մը 12 Զոհ Պատճառեց
Սիտնիի հռչակաւոր Պոնտի ծովեզերքին վրայ հրէական Լոյսերու տօնի նշման ընթացքին հրացանաձգութիւն մը 12 զոհ պատճառեց: Աւստրալիական ոստիկանութիւնը յարձակումը ահաբեկչական որակեց եւ յայտարարեց, թէ ձերբակալած է արարքին հեղինակներէն մէկը եւ մէկ ուրիշը վնասազերծած: Ոստիկանութիւնը նաեւ նշեց, թէ յարձակումը պատճառած է 12 զոհ եւ շուրջ 30 վիրաւոր: Ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ կասկածելիներէն մէկը փաքիստանեան արմատներով Նաֆիտ Աքրամն է: Ընկերային ցանցերու վրայ...




















