Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիան Ամէն Պարագայի Տոնպասն Ու Նովոռոսիան Պիտի Ազատագրէ, Եւ Կան Ամերիկեան Առաջարկներ, Որոնց Համաձայն Չենք»

December 5, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ իր վերջին ժողովին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելով յայտնեց, թէ գրեթէ ամէն կէտ քննարկած է, եւ այդ պատճառով ալ ժողովը շատ երկար տեւած է:

«Ամերիկեան առաջարկներուն մէջ կան խնդիրներ, որոնց համաձայն չենք եւ զանոնք Ուիթքոֆի հետ քննարկեցինք», յայտարարեց ան:

Փութին երէկ Հնդկաստան իր այցելութեան հնդկական «Ինտիա Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, թէ Ուիթքոֆի եւ Քուշների հետ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին շուրջ ժողովը «չափազանց օգտակար էր», եւ հանդիպումը «անհրաժեշտ էր»:

«Ռուսիան ամէն պարագայի, զինուորական կամ այլ միջոցներով պիտի ազատագրէ Տոնպասն ու Նովոռոսիան», շեշտեց Ռուսիոյ նախագահը:

«Այս հողերը կա՛մ ուժի կիրարկումով պիտի ազատագրուին, կա՛մ ուքրանական ուժերը անոնցմէ կը հեռանան, եւ մարդոց սպանութիւնը կը դադրի», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ստանձնեց դժուար առաքելութիւն մը, որ ուքրանական տագնապի լուծումն է», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:

«Ամերիկացի պաշտօնատարները ներկայիս մագոգային դիւանագիտութիւն կը կատարեն եւ կը պահպանեն Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Ուքրանիոյ հետ իրենց հաղորդակցութիւնները», նշեց ան` աւելցնելով. «Ամերիկեան կողմը 27 կէտերը բաժնեց 4 խումբերու եւ առաջարկեց զանոնք անջատաբար քննարկել»:

Անդրադառնալով Հնդկաստան իր այցելութեան` Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու պատմութիւնը իւրայատուկ է` նշելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը զարգանան շարք մը ոլորտներու մէջ:

 

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Բաչկով Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Յաջորդը

Ճինփինկ. «Փեքին Պիտի Շարունակէ Ուքրանիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Շինիչ Լուծումի Վրայ Աշխատիլ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ,  Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»
Միջազգային

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

January 13, 2026
«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է,  Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը
Միջազգային

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.