Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «շատ շուտով» պիտի սկսի ցամաքային գործողութիւններու ճամբով թիրախաւորել «թմրեցուցիչի վենեզուելացի մաքսանենգները», երբ նախապէս ջանքերը կեդրոնացած էին ծովուն վրայ:
Թրամփ զինեալ ուժերու անդամներու հետ Գոհաբանութեան տօնին առիթով տեսակապի ճամբով զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մարդիկ հաւանաբար այլեւս չեն ուզեր ծովու ճամբով թմրեցուցիչներ փոխադրել, եւ պիտի սկսինք նաեւ անոնց այդ մէկը ցամաքի ճամբով կատարելը արգիլել»` աւելցնելով. «Ցամաքի ճամբան աւելի դիւրին է, սակայն այդ գործողութիւնները շատ շուտով պիտի սկսին»:
Նշենք, որ ամերիկեան ուժերը սեպտեմբերէն ի վեր հարուածած են 20 նաւեր, որոնք Քարայիպեան ծովու եւ արեւելեան Խաղաղականի մէջ մաքսանենգման նպատակով կ՛օգտագործուէին: Ամերիկեան յարձակումներուն պատճառով 83 անձեր սպաննուած են:


