Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու նոր մատակարարումներու լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած են` Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու: Յանձնախումբը այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Նախագահ Թրամփ, դուք պէտք է պատժամիջոցներ կիրարկէք Թուրքիոյ դէմ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին համար, ինչպէս ատիկա կը պահանջէ ամերիկեան օրէնքը: Թուրքիոյ շահերուն լաւագոյնս կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու, այլ ոչ թէ Քրեմլինի հետ գործընկերութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ներկայացուցիչներու տան այդ յանձնախումբը նախապէս արդէն կոչ ուղղած էր` Թուրքիոյ դէմ «Էս-400»-ներու գնման պատճառով պատժամիջոցներ հաստատելու:
Մոսկուա արդէն սկսած է «Էս-400»-ներու երկրորդ մարտկոցի բաղադրիչներու Թուրքիա մատակարարումին:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «Էս-400» համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններուն մասին առաջին անգամ յայտնի դարձաւ նոյեմբեր 2016-ին, իսկ վաճառքի մասին համաձայնագիրը կնքուեցաւ սեպտեմբեր 2017-ին:
Ձեռք բերուած չորս համակարգերուն արժէքը 2,5 միլիառ տոլար է: