Այսօր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա` ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին:
Քրեմլին հաղորդեց, որ երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնը` աւելցնելով, որ Փութին կը հասկնայ Իտլիպի կացութեան վերաբերեալ Էրտողանի մտավախութիւնները, սակայն նաեւ մտահոգ է ծայրայեղականներու յարձակումներուն աճով:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Մուշի մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Փութինի հետ վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խօսած են Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան մասին:
«(Սուրիական) վարչակարգին Իտլիպի մէջ կատարած խախտումներէն ծնունդ առնող խնդիրներ գոյութիւն ունին: Մենք այս մասին սերտօրէն խօսեցանք Փութինի հետ: Յոյսով ենք, որ այս խնդիրները կարելի եղածին չափ շուտ պիտի ջնջուին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այսօր կը մեկնի Ռուսիա` վերջին զարգացումներուն շուրջ հանդիպումներ ունենալու համար:
Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ նշեց. «Իտլիպի մէջ Սուրիոյ կառավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող յարձակումը Թուրքիոյ հետ կնքուած որեւէ համաձայնութիւն չի խախտեր»:



