Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Վարչապետը Թագուհիէն Կը Խնդրէ Մինչեւ 14 Հոկտեմբեր Առկախել Խորհրդարանին Գործունէութիւնը

Օգոստոս 29, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական կառավարութիւնը Էլիզապէթ Բ. թագուհիէն խնդրեց մինչեւ 14 հոկտեմբեր` 31 հոկտեմբերին նախատեսուած «Պրեքզիթ»-էն հազիւ շաբաթներ առաջ, առկախել խորհրդարանին գործունէութիւնը:

Վարչապետ Պորիս Ճոնսընի գրասենեակը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Վարչապետը խօսած է նորին մեծութիւն թագուհիին հետ եւ խնդրած խորհրդարանական ընթացիկ նստաշրջանը աւարտել նիստի երկրորդ շաբթուան ընթացքին: Կուսակցական խորհրդակցութիւններու աւանդական շրջանի աւարտէն ետք, ներկայիս խորհրդարանի աշխատանքի երկրորդ նստաշրջանը պիտի սկսի թագուհիի ելոյթէն ետք` 14 հոկտեմբերին»:

Որոշումը կը նշանակէ, թէ երեսփոխանները պիտի չկարենան 31 հոկտեմբերին առանց Եւրոպական Միութեան հետ գործարքի «Պրեքզիթ»-ը կանխարգիլելու օրէնքներ որդեգրել:

Խորհրդարանի նախագահ Ճոն Պըրքոու յայտնեց, որ կառավարութեան քայլը սահմանադրութեան խախտում է:

Պահպանողական բարձրաստիճան երեսփոխան Տոմինիք Կրիւ իր կարգին այդ քայլը նկատեց «ահաւոր արարք» մը, որ կրնայ վարչապետին անվստահութեան քուէի առաջնորդել` աւելցնելով. «Այս կառավարութիւնը պիտի տապալի»:

Քննադատներ յայտնեցին, թէ կառավարութեան քայլը արգելք պիտի հանդիսանայ, որ երեսփոխանները «Պրեքզիթ»-ի հոլովոյթին մէջ իրենց ժողովրդավարական դերակատարութիւնը ունենան:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ շարք մը ականաւոր դէմքեր, ներառեալ նախկին վարչապետ Ճոն Մէյճըր, սպառնացին դատարան դիմել` կառավարութեան քայլին գործադրութիւնը կասեցնելու: Սկովտիական ազգային կուսակցութեան անդամ Ճոաննա Չերիի կողմէ պատրաստուած դատական հայց մը արդէն ներկայացուած է սկովտիական դատարանին:

Ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպին թագուհիէն ժամադրութիւն խնդրեց` քննարկելու համար «Պրեքզիթ»-ի հարցը:

Նախորդը

«Ամերիկեան Վարչակազմը Պիտի Աշխատի Ռուսիան Վերադարձնել Եօթներու Խմբակի Կազմ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Իրանին Վարկեր Տրամադրելու, Եթէ Թեհրան Փոխէ Իր Գործելակերպը» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?