Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Ֆոքս 59» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը աշխատանք պիտի տանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փափաքին համեմատ, Ռուսիան վերադարձնելու Եօթներու խմբակի կազմ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ինք համաձա՞յն է նախագահ Թրամփի այն յայտարարութեան, որ Ռուսիան պէտք է յաջորդ տարի հրաւիրել Եօթներու խմբակի վեհաժողովին, ան դրական պատասխան տուած է:
«Նախագահին կարծիքով` այդպէս պէտք է ըլլայ: Ես կ՛աշխատիմ նախագահին համար: Ի հարկէ, մենք պիտի աշխատինք ատիկա իրականացնելու ուղղութեաբ», յայտնած է Փոմփէօ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախապէս չէր բացառած, որ կրնայ Ռուսիան իբրեւ հիւր հրաւիրել Եօթներու յաջորդ վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սակայն Թրամփ ենթադրած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաւանաբար չուզէ ընդունիլ այդպիսի հրաւէր մը:
«Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Սպիտակ տան ղեկավարը Ռուսիոյ պատճառով վիճած է Եօթներու անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Անոնցմէ միայն Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնթէն աջակցած է Թրամփին: Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէ չէզոք դիրք որդեգրած է, իսկ մնացեալ ղեկավարները վճռականօրէն դէմ արտայայտուած են Ռուսիոյ` Եօթներու խմբակ վերադարձին: