Պաքուի մէջ 2 սեպտեմբերին պիտի սկսին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներու մասնակցութեամբ «Իթըռնիթի-2019» ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան:
Ռազմափորձերուն ընթացքին երեք երկիրներու զինուորական ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչները պիտի գործադրեն շրջանային տնտեսական նախագիծերու պաշտպանութեան առաջադրանքներ:
Ռազմափորձերը պիտի աւարտին 6 սեպտեմբերին: