Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Մուշ նահանգի Մանազկերտ շրջանին մէջ 1071-ի Մանազկերտի ճակատամարտի ոգեկոչման հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ կը նախատեսուի, որ թրքական ցամաքային ուժերը մօտ օրէն մուտք գործեն Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափ:
«Ներկայիս մեր անօդաչու թռչող սարքերը մեր ուղղաթիռներուն հետ մուտք գործած են շրջան: Մեր սահմանին մօտ գտնուող պատուարները կը քանդուին: Կը նախատեսենք, որ մեր ցամաքային ուժերը շուտով մուտք գործեն շրջան»:
«Կը յուսամ, որ ոչ ոք Սուրիոյ հետ մեր սահմանը ահաբեկիչներէն մաքրելու մեր վճռականութիւնը պիտի փորձէ», աւելցուց ան:
«Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը հարցը դիւանագիտութեան, երկխօսութեան, մերձեցման եւ համագործակցութեան ճամբով լուծելն է: Ատիկա բոլորին համար օգտակար պիտի ըլլայ: Սակայն եթէ ստիպուինք այլ ուղիով ընթանալ, եթէ ձգձգելու փորձեր դիմագրաւենք, մեր ծրագիրները պիտի գործադրենք: Բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած են», ընդգծեց ան:
Մինչ այդ, թրքական «Այտընլըք» լրատուամիջոցը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի 20-րդ զրահապատ-հրասայլային զօրամասի հրամանատարութենէն զինամթերքով բեռնաւորուած երեք զրահապատ մեքենայ ուղարկուած է դէպի Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Աքչաքալէ շրջան:
Ըստ տեղեկութեան, սպառազինութիւնը կ՛ուղարկուի թրքական սահմանին զինուորական ստորաբաժանումներուն մէջ տեղակայուած ուժերը աւելի ամրապնդելու համար: