Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլ Մերժեց Եօթներու Խմբակին Օժանդակութիւնը

August 29, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պրազիլի կառավարութիւնը մերժած է Եօթներու խմբակի` Ամազոնի անտառի հրդեհներու դէմ պայքարին օժանդակութիւնը:

Եօթներու խմբակի անդամ երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած էին Ամազոնի արեւադարձային անտառին մէջ բռնկած մրցանշային թիւով հրդեհներուն դէմ պայքարին ելեւմտական օժանդակութիւն յատկացնելու շուրջ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, թէ Եօթներու խմբակի երկիրները` Քանատան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները 22 միլիոն տոլար պիտի տրամադրեն անտառային հրդեհներուն դէմ պայքարին` աւելցնելով, որ ֆինանսաւորումը «անմիջապէս» հասանելի պիտի ըլլայ եւ հիմնականին մէջ ուղղուած պիտի ըլլայ առաւելապէս հրշէջ օդանաւերու ներգրաւման:

Խմբակը նաեւ համաձայն գտնուեցաւ սեպտեմբերի վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին զօրակցելու ՄԱԿ-ի ծառատնկման ծրագիրին:

«Ամազոնի համար նախաձեռնութիւն»-ը գործադրուելու համար կարիքը ունի Պրազիլի եւ Ամազոնը շրջապատող 8 երկիրներու համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ բնակչութեան գործակցութեան:

Պրազիլցի քաղաքական գործիչ մը յայտարարած է. «Հաւանական է, որ ելեւմտական այդ օժանդակութիւնը աւելի պէտք ըլլայ եւրոպական երկիրներուն անտառներու հրդեհները մարելու համար: Մաքրոն չկրցաւ խուսափիլ Նոթր Տամի մէջ բռնկած հրդեհէն եւ տակաւին մտադիր է մեզի բա՞ն մը սորվեցնել: Ան տակաւին շատ գործեր ունի իր տան` Ֆրանսայի մէջ»:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձակուրդէն ետք գործի կանչած է Եւրոպայի մէջ եւ Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներուն մօտ իր դեսպանները, որպէսզի համակարգէ Ամազոնի մէջ հրդեհներուն շուրջ այլ երկիրներու մօտ տիրող մտահոգութիւններու դիւանագիտական պատասխանը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշ դիւանագէտներու արգիլած է յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին արձակուրդի երթալ` երկրի հասցէին համաշխարհային քննադատութեան լոյսին տակ:

Լրատու գործակալութեան համաձայն, որոշումը տրուած է Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Էռնեստու Արաուժուի կողմէ` պետութեան նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուի հետ հանդիպումէն ետք:

Նախորդը

Լոնտոն Պահանջած Է Առանց Քաշքշուքի Սկսիլ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գործարքի Փոփոխութիւններու Քննարկումը

Յաջորդը

Վրաստանի Նախագահը Նշած Է Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութեան Վերսկսման Պայմանները

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ  Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ

October 21, 2026
Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք  Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»
Միջազգային

Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.