Միջազգային

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Դատապարտած Է Քոնկրեսի Որդեգրած  «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Քանդող»  Դաշնակցային Պիւտճէն

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է Քոնկրեսի Որդեգրած «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Քանդող» Դաշնակցային Պիւտճէն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը դատապարտէ 17 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի որդեգրած դաշնակցային պիւտճէն, որ «կը բովանդակէ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած կէտեր եւ կը քանդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները»: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը: «Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէ որդեգրուած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին 2020 թուականի պիւտճէական յատկացումներուն եւ կը բովանդակեն մեր երկրին դէմ...

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Իրանի Դէմ  Պատժամիջոցներէն Բացառութիւններ  Ընել Երրորդ Երկիրներու Համար

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներէն Բացառութիւններ Ընել Երրորդ Երկիրներու Համար

Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ պատժամիջոցներէն ոչ մէկ կարգի բացառութիւն կ՛ընեն երրորդ երկիրներու համար եւ անոնք պիտի կիրարկուին որեւէ գործունէութեան պարագային, որ ամերիկեան կողմը կը նկատէ արգիլուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին օտար լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք: «Մենք պատժամիջոցներ կը կիրարկենք որեւէ գործունէութեան նկատմամբ, որ ենթակայ է...

Մալեզիոյ Մէջ Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.   Ռուհանի Իտլիպէն Ահաբեկիչներու Վտարման Համար  Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիական Կառավարութեան Հետ Գործակցելու

Մալեզիոյ Մէջ Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ռուհանի Իտլիպէն Ահաբեկիչներու Վտարման Համար Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիական Կառավարութեան Հետ Գործակցելու

  Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցող «Քուալալամփուր 2019» վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ զարգացումները: Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող վերջին զարգացումները եւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն, մասնաւորաբար ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ դրամատնային մարզին մէջ ընդլայնելու եւ խորացնելու կարելիութիւնները: Ռուհանի...

Ներկայացուցիչներու Տունը Քուէարկեց  Ի Նպաստ Թրամփի Պաշտօնազրկման

Ներկայացուցիչներու Տունը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թրամփի Պաշտօնազրկման

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկեց ի նպաստ երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնանկութեան` «լիազօրութիւններու չարաշահում» յօդուածին հիմամբ: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` ի դէմս դեմոկրատականներուն, քուէարկեց Թրամփի պաշտօնազրկման օգտին, հանրապետականները դէմ քուէարկեցին: Պաշտօնազրկման առաջին յօդուածով թեր քուէարկած է 230 քոնկրեսական, ներառեալ 1 անկախ քոնկրեսական դէմ` 197, ներառեալ երկու դեմոկրատական: Մէկ անձ մնացած է ձեռնպահ: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է երկու յօդուածով` լիազօրութիւններու...

Սկովտիան Լոնտոնէն Պաշտօնապէս Անկախութեան  Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Իրաւունք Կը Խնդրէ

Սկովտիան Լոնտոնէն Պաշտօնապէս Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Իրաւունք Կը Խնդրէ

Սկովտիոյ առաջին նախարար, Սկովտիոյ Ազգային կուսակցութեան ղեկավար Նիքոլաս Սթըրճըն Լոնտոնէն պաշտօնապէս խնդրած է Էտինպըրկը օժտել շրջանի անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու օրինական իրաւունքով: «Մենք այսօր Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք քննարկելու (այդ հարցը) եւ համաձայնելու տալու լիազօրութիւնները, որոնք անտարակուսելի պիտի դարձնեն Սկովտիոյ խորհրդարանին իրաւունքը պատրաստելու անկախութեան հանրաքուէ կատարելու օրէնք», ըսած է ան: «Ներկայիս այդ հանրաքուէն կատարելու սահմանադրական եւ ժողովրդավարական պատճառ գոյութիւն ունի»,...

«Ռուսիան Նոյնպիսի Քայլով Պիտի Պատասխանէ  Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցներուն»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Նոյնպիսի Քայլով Պիտի Պատասխանէ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցներուն» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիան նոյնպէս պիտի վարուի իր դէմ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ նոր պատժամիջոցներու հաստատման պարագային, երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած տարեկան մեծ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ` մեկնաբանելով այն լուրերը, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը 18 դեկտեմբերին որդեգրած է հակառուսական պատժամիջոցներու մեծ փաթեթ մը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Անտարակոյս, ատիկա պիտի ազդէ մեր միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակին...

«Թուրքիան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերուն Դէմ  Տեղահանում Ու Ցեղային Մաքրագործում Կը Կատարէ»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Հրամանատարը

«Թուրքիան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Տեղահանում Ու Ցեղային Մաքրագործում Կը Կատարէ» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Հրամանատարը

«Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտին շեշտած է. «Թուրքիան կը ջանայ բռնագրաւել սուրիական հողերը եւ հիւսիսային Սուրիան բռնակցել: Անիկա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն մէջ տեղահանման ու ցեղային մաքրագործման գործողութիւնները կը գործադրէ»: «Միլիոնաւոր սուրիացիներու տեղահանութեան պատճառը թրքական վարչակազմն է, եւ զայն կ՛օգտագործէ իբրեւ Արեւմուտքին վրայ ճնշման խաղաքարտ», ըսած է ան: «Պատրաստ ենք արտասահմանի մէջ սուրիացի բոլոր...

Էրտողան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Լիպիոյ  Զինուորական Աջակցութիւն Տրամադրելու»

Էրտողան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Լիպիոյ Զինուորական Աջակցութիւն Տրամադրելու»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք պիտի տանի Լիպիոյ հետ գործակցութիւնը արագացնելու` շեշտելով, որ Անգարան պատրաստ է լիպիական կողմին «որեւէ պահու» օժանդակելու, «եթէ ատոր կարիքը ունենայ»: Էրտողան աւելցուց, որ այն օժանդակութիւնը, որ իր երկիրը կրնայ Լիպիոյ տրամադրել, կը ներառէ «զինուորական աջակցութիւնը»:

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիա Կը Խոստանայ Պատասխանել Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման եւ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի կառուցման առնչուած Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցները Թուրքիոյ պիտի չխանգարեն ձեռնարկելու իր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ քայլերու: Թրքական «Միլլիեթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին քուէարկած են ի նպաստ 738 միլիառ տոլարի...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ» Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ Կիպրոսի զէնքի մատակարարման տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած արգելքի ջնջումը միջերկրականեան կղզիին մէջ վտանգաւոր մագլցումի ճամբան կը հարթէ»: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կիպրոսի ամերիկեան զէնքի մատակարարման արգելքը մասնակիօրէն վերցնելու փորձերը միայն պատճառ պիտի դառնան կղզիի հարցին լուծում գտնելու ջլատման եւ վտանգաւոր մագլցումի ճամբայ պիտի հարթեն: «Սպառնալիքի լեզուն Թուրքիան պիտի չնուազեցնէ իր ազգային անվտանգութիւնը երաշխաւորելու...

«Քրտական Ուժերը Դուրս Բերինք  Թուրք-Սուրիական Սահմանի Շրջանէն»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

«Քրտական Ուժերը Դուրս Բերինք Թուրք-Սուրիական Սահմանի Շրջանէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ գործադրած է քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները թուրք-սուրիական սահմանի շրջանէն դուրս բերելու վերաբերեալ իր յանձնառութիւնը: «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները թուրք-սուրիական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռացուեցան, իսկ սուրիական ուժերն ու ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը մուտք գործեցին Այն Արապի եւ Ժազիրէի շրջաններ», աւելցուց նախարարութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող տարածքին մէջ հողերու ազատագրումը կը յանգեցնէ...

0824_Putin-Erdogan

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու ղեկավարները քննարկած են Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակն ու Սուրիոյ շուրջ համագործակցութեան շարունակութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի»` մէջբերելով Քրեմլինի հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ նախագահները մասնաւորաբար անդրադարձած են Լիպիոյ մէջ շարունակուող զինուորական բախումներու սրումին: Փութին եւ Էրտողան զօրակցած են ՄԱԿ-ի եւ Գերմանիոյ միջնորդական ջանքերուն` ուղղուած զինեալ...

Լիպիական Ազգային Բանակի Ծովուժը Հրաման  Ստացած Է Դէմ Դնելու Լիպիական Ծովեզերքին  Մօտեցող Թրքական Որեւէ Նաւու

Քանի Մը Ամերիկեան Օդանաւ Հեռացած Է «Ինճիրլիք»-էն. Էսփըր Պիտի Ստուգէ Էրտողանի Յայտարարութեան Լրջութիւնը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր տակաւին չի կրնար ըսել, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որքանո՛վ լուրջ է «Ինճիրլիք» ամերիկեան ռազմակայանը փակելու հարցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է լրագրողներուն` աւելցնելով, որ նիւթին շուրջ պիտի զրուցէ իր թուրք պաշտօնակիցին հետ: «Նախապէս ինծի այդ մասին ոչինչ ըսած են: Այդ մասին իմացած եմ միայն լրատուամիջոցներէն: Այնպէս որ, թրքական...

Թուրքիա Յատուկ Ջոկատներ  Ուղարկած Է Լիպիա

Թուրքիա Յատուկ Ջոկատներ Ուղարկած Է Լիպիա

Թուրքիա Թրիփոլի ուղարկած է յատուկ ջոկատներ, զինուորական խորհրդականներ եւ սպառազինութիւն` աջակցելու համար Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Անգարան պատրաստ է Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան տրամադրել որեւէ աջակցութիւն, ներառեալ իր զինուորները այնտեղ ուղարկել: Տեղեկութիւններու համաձայն, Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը ինք օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն: Լիպիոյ ազգային...

Փաքիստանի Նախկին Նախագահ Մուշարաֆ  Մահուան Դատապարտուեցաւ

Փաքիստանի Նախկին Նախագահ Մուշարաֆ Մահուան Դատապարտուեցաւ

Փաքիստանի նախկին նախագահ Փերվեզ Մուշարաֆ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով դատապարտուեցաւ մահապատիժի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Փաքիստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երեք անձերէ բաղկացած յատուկ դատական խորհուրդը դատապարտած է Փաքիստանի նախկին նախագահը մահապատիժի` երկրի սահմանադրութեան 6-րդ յօդուածին հիման վրայ: Օրէնքին համաձայն, «ոեւէ մէկը, որ ուժի կիրարկումով կամ ուժ ցուցադրելով կը խախտէ Սահմանադրութիւնը», մեղաւոր է պետական դաւաճանութեան համար:...

Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի  Վերջին Փոձարկումներուն Մասին`  «Մենք Ուշադիր Կը Հետեւինք Անոնց»  Կ՛ըսէ Թրամփ

Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի Վերջին Փոձարկումներուն Մասին` «Մենք Ուշադիր Կը Հետեւինք Անոնց» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ յայտարարած է. «Պիտի հիասթափուիմ, եթէ իմանամ, թէ Փիոնկեանկ հիւլէական ծրագիրի ծիրին մէջ աշխատանքներ կը կատարէ»: «Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ Հիւսիսային Քորէան վերջին շրջանին զգալիօրէն կարծր յայտարարութիւններ կը կատարէ` նոյնիսկ խոստանալով Ուաշինկթընի համար «Ս. ծննդեան նուէր» ընել, եթէ Միացեալ Նահանգներ փոխզիջումներ չկատարէ: «Տեսնենք, ես շատ հիասթափուած պիտի ըլլամ,...

«Մեզի Համար Ընդունելի Է  Ամէն Բան, Բացի Պատերազմէն»  Կ՛ըսէ Կախարիա

«Մեզի Համար Ընդունելի Է Ամէն Բան, Բացի Պատերազմէն» Կ՛ըսէ Կախարիա

Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիա կարեւոր նկատած է երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը կարելի բոլոր միջոցներուն օգտագործումով, բացառութեամբ պատերազմէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզճորճիա» կայքը: Ան այս մասին ըսած է արտասահմանի մէջ Վրաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու ղեկավարներու տարեկան հանդիպման ընթացքին: «Ընդունելի է ամէն բան, բացի պատերազմէն: Մեր քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ ողջմիտ, հիմնուած բացարձակապէս սառն դատողութեան վրայ, եւ մենք պէտք...

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իրաքի Մէջ Ամերիկեան  Ռազմակայաններու Ռմբակոծման Առնչութեամբ

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայաններու Ռմբակոծման Առնչութեամբ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր մտահոգութիւն յայտնեց Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու ռմբակոծման առնչութեամբ: Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն ամերիկեան ուժեր հիւրընկալող ռազմակայաններուն դէմ հրթիռարձակումներու դէպքերը շատցած են: Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատար Ատել Ապտելմահտիի գրասենեակը յայտարարեց, որ վերջինս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Էսփըրի հետ: «Էսփըր մտահոգութիւն յայտնած է կարգ մը կառոյցներու ռմբակոծման վերաբերեալ եւ անհրաժեշտ նկատած է այդ ռմբակոծումը դադրեցնելու քայլերու...

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու  Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է ճանչնալ ամերիկացիներու կողմէ կարմիր հնդիկներու «ցեղասպանութիւն»-ը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը: «Մենք նոյնպէս պէտք է հանդէս գանք ձեր դէմ մեր խորհրդարանի նմանատիպ որոշումներով: Եւ մենք ատիկա պիտի ընենք: Արդեօք կարելի՞ է լռել կարմիր հնդիկներու մասին, երբ կը խօսիս Ամերիկայի մասին: Ատիկա Միացեալ...

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Չեն Կատարած  Սուրիոյ Քիւրտերու Հարցին Մէջ Իրենց  Ստանձնած Պարտաւորութիւնները»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Չեն Կատարած Սուրիոյ Քիւրտերու Հարցին Մէջ Իրենց Ստանձնած Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները չեն կատարած իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ Սուրիոյ քրտական զինեալ ուժերը չեն հեռացուցած Թուրքիոյ սահմանամերձ գօտիներէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը: Էրտողան նշած է, որ Մոսկուա ու Ուաշինկթըն խոստացած էին քրտական ջոկատները թուրք-սուրիական սահմանին վրայ ձեւաւորուած «անվտանգութեան գօտի»-էն դուրս բերել: «Անոնք կը յայտարարէին, որ այնտեղ...

Page 495 of 884 1 … 494 495 496 … 884

Արխիւներ