Զօր. Հաֆթար Կը Յայտարարէ Թրիփոլիի Համար «Վճռական Մարտ»-ին Սկիզբը
Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար յայտարարած է Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի համար «վճռական» մարտ»-ին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Այսօր մենք կը յայտարարենք վճռական մարտին եւ դէպի մայրաքաղաքի կեդրոն շարժելու մասին, որպէսզի ազատենք զայն», յայտարարած է Հաֆթար: Զօրավարը իր հակառակորդներուն կոչ ուղղած է մնալու իրենց տուները` այդպիսով ամբողջովին անվտանգութիւն խոստանալով: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք ստորաբաժանումներուն, որոնք Թրիփոլիի...



















