Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Նոյնպիսի Քայլով Պիտի Պատասխանէ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցներուն» Կ՛ըսէ Փութին

Դեկտեմբեր 20, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան նոյնպէս պիտի վարուի իր դէմ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ նոր պատժամիջոցներու հաստատման պարագային, երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած տարեկան մեծ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ` մեկնաբանելով այն լուրերը, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը 18 դեկտեմբերին որդեգրած է հակառուսական պատժամիջոցներու մեծ փաթեթ մը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Անտարակոյս, ատիկա պիտի ազդէ մեր միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ, անտարակոյս», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Մենք գիտենք անոնց մօտեցումը. ատիկա այն է, որ Միացեալ Նահանգները մեզի հետ պիտի աշխատին այնտեղ, որ անոնց համար հետաքրքրական է եւ շահաւէտ, եւ միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ համար արգելք պիտի ստեղծուի նման կարգի որոշումներով: Սակայն մենք նոյնպէս, գիտնալով ատիկա, պիտի վարուինք նոյնպիսի կերպով, ահա եւ ամէնը», ըսած է ան:

«Ատոր մէջ ոչ մէկ լաւ բան կայ, անոնք ամբողջապէս Ռուսիոյ նկատմամբ ոչ բարեկամական արարքներ են», աւելցուցած է Փութին:

18 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ծերակոյտի արտաքին գործոց յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է հակառուսական պատժամիջոցներու մեծ փաթեթին, որ մասնաւորաբար, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կը պարտաւորեցնէ սահմանափակումներ հաստատել Ռուսիոյ պարտքին դէմ:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Տեղահանում Ու Ցեղային Մաքրագործում Կը Կատարէ» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Հրամանատարը

Յաջորդը

Սկովտիան Լոնտոնէն Պաշտօնապէս Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Իրաւունք Կը Խնդրէ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?