Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Խոստանայ Պատասխանել Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

December 19, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման եւ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի կառուցման առնչուած Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցները Թուրքիոյ պիտի չխանգարեն ձեռնարկելու իր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ քայլերու: Թրքական «Միլլիեթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին քուէարկած են ի նպաստ 738 միլիառ տոլարի չափով զինուորական պիւտճէին, որ կը ներառէ «պատժամիջոցներու հաստատման միջոցով եւրոպական ուժանիւթային անվտանգութեան պաշտպանութիւն»` կապուած ռուսական «Հիւսիսային հոսք-2» եւ «Թրքական հոսք» ուժանիւթային խողովակաշարերուն: Բացի ատկէ, զինուորական պիւտճէն կ՛արգիլէ Թուրքիոյ փոխանցել «Էֆ-35» ամերիկեան զինուորական օդանաւեր` ի պատասխան Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման:

«Էֆ-35»-ի ծրագիրին մեր մասնակցութեան անարդար խոչընդոտումը, երբ մենք այդ ծրագիրի ծիրին մէջ կը կատարենք մեր բոլոր պարտաւորութիւնները, կրկնութիւնը մեր երկրին դէմ պատժամիջոցներու հաստատման կոչերու, որոնք կը կատարուին «Էս-400»-ներու մատակարարման առնչուած, «Թրքական հոսք» ծրագիրին դէմ նմանատիպ քայլերը կը վկայեն Քոնկրեսի անյարգալից վերաբերմունքին մասին այն որոշումներուն նկատմամբ, որոնք մենք կ՛որդեգրենք իբրեւ գերիշխան պետութիւն:

«Անգամ մը եւս յիշեցնենք, որ սպառնալիքներու եւ պատժամիջոցներու լեզուն պիտի չխանգարէ Թուրքիոյ վճռականօրէն առնելու ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան համար իր քայլերը: Ոչ ոք թող կասկածի, որ Թուրքիան պատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ մեր երկրին նկատմամբ այսպիսի թշնամական որոշումներու դէմ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «Էս-400» համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրը կնքուած է Մոսկուայի մէջ ապրիլ 2017-ին: Ատիկա դարձած է ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրի հետ Ռուսիոյ մեծագոյն արտածման համաձայնագիրը:

 

Նախորդը

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ» Կ՛ըսէ Անգարա

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Լիպիոյ Զինուորական Աջակցութիւն Տրամադրելու»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.