Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները չեն կատարած իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ Սուրիոյ քրտական զինեալ ուժերը չեն հեռացուցած Թուրքիոյ սահմանամերձ գօտիներէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:
Էրտողան նշած է, որ Մոսկուա ու Ուաշինկթըն խոստացած էին քրտական ջոկատները թուրք-սուրիական սահմանին վրայ ձեւաւորուած «անվտանգութեան գօտի»-էն դուրս բերել:
«Անոնք կը յայտարարէին, որ այնտեղ ահաբեկիչներ պիտի չըլլան, սակայն անոնք տակաւին այդտեղ կան», նշած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, սուրիական այդ տարածքներուն բնակիչները «մինչեւ հիմա ալ Անգարայէն զինուորական օգնութիւն կը խնդրեն», իսկ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը կը շարունակեն յայտարարել, որ հանդէս կու գան բոլոր քիւրտերուն անունով:
Էրտողան անգամ մը եւս Սուրիոյ քիւրտերը մեղադրած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ սերտ կապեր ունենալու յանցանքով: Բացի ատկէ, Էրտողան նաեւ նշած է, որ քիւրտերը կը համագործակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան հետ` անոր ծախելով Տէր Զօրէն ստացուած քարիւղը:



