Միջազգային

Կազի Վերաբերեալ Փոխադարձ Պահանջներէն  Հրաժարելու Շուրջ Ռուս-Ուքրանական  Համաձայնութիւն

Կազի Վերաբերեալ Փոխադարձ Պահանջներէն Հրաժարելու Շուրջ Ռուս-Ուքրանական Համաձայնութիւն

Ռուսիա եւ Ուքրանիա համաձայնութիւն գոյացուցած են 1 յունուար 2020-էն սկսեալ զերոյի վերածելու փոխադարձ պահանջերը եւ ջնջելու դատական հայցերու հիմամբ սեփականութիւններու վրայ դրուած կալանքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք: «Համաձայնած ենք, որ 1 յունուարէն կը ջնջուին բոլոր փոխադարձ պահանջները, պիտի վերցուին սեփականութիւններու կալանքները, որոնք դրուած...

Իրանին Օժանդակած Թրքական Պետական  Դրամատան Մը Դէմ Դատական Հետապնդումը  Դադրեցնելու Դիմումը Մերժուեցաւ

Իրանին Օժանդակած Թրքական Պետական Դրամատան Մը Դէմ Դատական Հետապնդումը Դադրեցնելու Դիմումը Մերժուեցաւ

Ամերիկացի դաշնակցային դատաւոր Ռիչըրտ Պըրմըն մերժեց Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հաստատած տնտեսական պատժամիջոցները շրջանցելով Իրանին օժանդակելու յանցանքով ամբաստանուած թրքական պետական «Հալք» դրամատան դէմ դատական հետապնդումը դադրեցնելու դիմում մը: Դատաւորը յայտնեց, որ դատական հոլովոյթի շարունակութեան պարագային, «Հալք» դրամատունը անդառնալի վնասներ պիտի չկրէ, եւ անոր վարկին կրելիք վնասները կարելի է լաւագոյն կերպով հակակշռել, «եթէ «Հալք» դրամատունը շտապէ պատասխանել իրեն ուղղուած քրէական ամբաստանութիւններուն»:...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի.  Թրամփ Փոմփէոն Փոխարինող Մը Կը Փնտռէ

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Թրամփ Փոմփէոն Փոխարինող Մը Կը Փնտռէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին համար կը փնտռէ թեկնածուներ, որովհետեւ ներկայ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն հաւանաբար Ծերակոյտի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար որոշէ լքել պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը: Փոմփէօ հաւանաբար Քանսասի նահանգէն առաջադրուի Ծերակոյտի ընտրութիւններուն: Օրաթերթին զրուցակիցները նշած են, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած, սակայն ան տակաւին ժամանակ ունի,...

«Պիելոռուսիան Երբեք Պիտի Չմտնէ  Այլ Պետութեան Մը Կազմին Մէջ, Իմ Օրովս  Ատիկա Երբեք Տեղի Պիտի Չունենայ»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Պիելոռուսիան Երբեք Պիտի Չմտնէ Այլ Պետութեան Մը Կազմին Մէջ, Իմ Օրովս Ատիկա Երբեք Տեղի Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ խորհրդարանի ստորին եւ վերին պալատներուն` Ներկայացուցիչներու տան եւ Հանրապետութեան խորհուրդի անդամներուն ուղղուած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ ոչ ոք կը պատրաստուի իրենց երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը զիջելու: Այս մասին կը հաղորդէ պիելոռուսական «Պելթա» կայքը: «Մենք երբեք չենք պատրաստուած եւ չենք պատրաստուիր մտնելու որեւէ պետութեան կազմին մէջ, նոյնիսկ եղբայրական Ռուսիոյ: Գլխաւորը յիշեցէք` ես տղայ մը չեմ, որ...

Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին  Գործոց Նախարարը  Բացասական Գնահատած Է Լաւրովի  Այցելութիւնը Պաքու

Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարարը Բացասական Գնահատած Է Լաւրովի Այցելութիւնը Պաքու

Ազրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուկարով «Մինվալ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ծայրայեղ բացասական գնահատած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Պաքու կատարած այցելութեան արդիւնքները: Իբրեւ իր գնահատականի պատճառ` ազրպէյճանցի դիւանագէտը նշած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած քայլերու որոշակի յաջորդականութիւնը: Զուլֆուկարով, մեկնաբանելով Լաւրովի այն խօսքերը, թէ տագնապը պէտք է լուծուի Ղարաբաղի բնակչութեան կամքը հաշուի առնելով, նշած է, որ այդ...

Ճափոն Մարտանաւեր Կ՛ուղարկէ Միջին Արեւելք`  Պաշտպանելու Համար Իր Նաւերը

Ճափոն Մարտանաւեր Կ՛ուղարկէ Միջին Արեւելք` Պաշտպանելու Համար Իր Նաւերը

Ճափոնական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ նկատի ունենալով փոփոխական կացութիւնը, մարտանաւեր եւ օդանաւեր Միջին Արեւելք կ՛ուղարկէ` պաշտպանելու համար այդտեղ նաւարկող իր նաւերը: Ճափոնական կառավարութիւնը այդ որոշումը տուած է` նկատի ունենալով անկայուն վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ, ուրկէ Ճափոն կը ներածէ իր հում քարիւղի շուրջ 90 առ հարիւրը: Կ՛ուղարկուին ուղղաթիռներ կրող մարտանաւ մը եւ «Փի-3Սի» տիպի հսկողութեան օդանաւ մը` շրջանէն անցնող ճափոնական նաւերուն համար...

Սուրիա Քարիւղի Գողութեան Մեղադրանքով  Հայց Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու Դէմ

Սուրիա Քարիւղի Գողութեան Մեղադրանքով Հայց Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու Դէմ

Սուրիան կը պատրաստուի դատական հայց ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու դէմ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան: Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ սուրիական իշխանութիւնները այս պահուս կ՛ուսումնասիրեն, որ միջազգային մակարդակով ինչպիսի՛ քայլեր անհրաժեշտ են Միացեալ Նահանգներու դէմ հայց ներկայացնելու համար: Դամասկոս կը պատրաստուի սուրիական քարիւղի գողութեան ու երկիրի գերիշխանութեան ոտնահարման վերաբերեալ մեղադրանքներ առաջադրելու: Սուրիոյ...

«Թուրքիա Զինեալ Ահաբեկիչները Թունուզի Ճամբով Լիպիա Կը Փոխադրէ»  Կ՛ըսէ Միսմարի

«Թուրքիա Զինեալ Ահաբեկիչները Թունուզի Ճամբով Լիպիա Կը Փոխադրէ» Կ՛ըսէ Միսմարի

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմատ Միսմարի յայտարարեց. «Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումներու անդամները Սուրիայէն Լիպիա կը փոխադրէ»: «Այս հարցը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ այդ նպատակով կ՛օգտագործուի Թունուզի օդակայաններէն մէկը` Ժարպայի օդակայանը: Ահաբեկչական խմբաւորումները էջք կը կատարեն Թունուզ, ապա կը փոխադրուին Լիպիա: Միսրաթայի, Զաուարայի եւ Մուաայթաքայի օդակայանները մեծաթիւ ահաբեկիչներ հիւրընկալեցին», նշեց ան: «Թունուզի...

Ռուսական Ուժերը Տեղակայուած Են Հասաքէի  Գիւղերէն Մէկուն Մէջ,  Ուր Նախապէս Կային Ամերիկեան Ուժեր

Ռուսական Ուժերը Տեղակայուած Են Հասաքէի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ, Ուր Նախապէս Կային Ամերիկեան Ուժեր

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը Հասաքէ քաղաքի հիւսիսը գտնուող Թալ Սաման գիւղին մէջ տեղակայուած են` այն դիրքերու վրայ, որոնք նախապէս կը գտնուէին ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ: Շրջանը ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը գտնուի Հասաքան երկիրի կեդրոնին ու հիւսիսին կապող խաչմերուկի վրայ: Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Թալ Սաման գիւղը 26 քիլոմեթր հեռու է...

Թրամփ Պահանջած Է Անյապաղ Սկսիլ  Ծերակոյտին Մէջ Իր Պաշտօնազրկման  Հոլովոյթի Քննարկումը

Թրամփ Պահանջած Է Անյապաղ Սկսիլ Ծերակոյտին Մէջ Իր Պաշտօնազրկման Հոլովոյթի Քննարկումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պահանջած է անյապաղ սկսիլ Քոնկրեսի վերջին պալատին` Ծերակոյտին մէջ իր պաշտօնազրկման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այն բանէն ետք, երբ դեմոկրատականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ չապահովեցին պատշաճ դատական հոլովոյթ` առանց փաստաբաններու, առանց վկաներու, առանց ոչինչի, հիմա ալ կ՛ուզեն ուղղորդել Ծերակոյտը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրականացնել ընթացակարգը: Ընդհանրապէս, անոնք (դեմոկրատականները) զերօ ապացոյց ունին...

Իսրայէլ Կը Յայտարարէ, Որ Պիտի Մասնակցի  Տուպայի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Իսրայէլ Կը Յայտարարէ, Որ Պիտի Մասնակցի Տուպայի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ համաձայնագիր ստորագրած է յառաջիկայ տարի մասնակցելու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք միջազգային ցուցահանդէսին: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ պաշտօնական համաձայնագիր ստորագրուեցաւ յառաջիկայ տարի Իսրայէլի` «Էքսփօ Տուպայ» ցուցահանդէսին մասնակցութեան շուրջ», յայտարարեց նախարարութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց ողջունած է համաձայնութեան կնքումը եւ յայտնած, որ Իսրայէլի` ցուցահանդէսին մասնակցութիւնը արտացոլացումն է...

Ուաշինկթընի Դէպքին Լոյսին Տակ.  Գերմանիան Էրտողանի Թիկնապահներուն Դէմ  Յատուկ Միջոցառումներու Ձեռնարկած Է

Գերմանացի Երեսփոխանի Մը Կարծիքով` ՕԹԱՆ Պէտք Է Պատասխան Տայ Անգարայի Կողմէ «Էս-400»-ներու Գնման

  Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտըսթակի անդամ, ընկերվար-ժողովրդավարական Նիլս Շմիտ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ՕԹԱՆ պէտք է պատասխանէ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» օդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման եւ կարենայ Թուրքիոյ մէջ տեղակայել ամերիկեան հակահրթիռային համակարգեր: «Նախ եւ առաջ, ատիկա խնդիր դարձած է ՕԹԱՆ-ի համար, ատոր համար ալ մեզի պէտք է վճռական պատասխան ՕԹԱՆ-ի կողմէ, որովհետեւ մենք կը կարծենք, որ թրքական...

«Ռուսիան Պիտի Պատասխանէ Ամերիկեան  Պատժամիջոցներուն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Պիտի Պատասխանէ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մոսկուան պիտի պատասխանէ Ուաշինկթընի պատժամիջոցներուն, սակայն այնպիսի ձեւով, որ ինքն իրեն վնաս չհասցնէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի առաջին ալիքէն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Մենք պիտի պատասխանենք պատժամիջոցներուն, սակայն այնպիսի ձեւով, որ մենք մեզի վնաս չհասցնենք: Սակայն հաստատ պիտի պատասխանենք: Եւ, ի հարկէ, մենք ատիկա հաշուի պիտի առնենք յարաբերութիւնները կառուցելու...

Սէուտական Արդարադատութիւնը Խաշոկճիի  Սպանութեան Հարցով Անպարտ Հռչակեց Քահթանին  Եւ 5 Հինգ Ուրիշներ Մահուան Դատապարտեց

Սէուտական Արդարադատութիւնը Խաշոկճիի Սպանութեան Հարցով Անպարտ Հռչակեց Քահթանին Եւ 5 Հինգ Ուրիշներ Մահուան Դատապարտեց

Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ Սէուտ պըն Ապտալլա Մուաժապ երէկ յայտնեց, որ դատարանը սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով 5 անձեր դատապարտած է մահուան, իսկ 3 ուրիշներ` 24 տարի բանտարկութեան: Ընդհանուր դատախազը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտական արքունիքի նախկին խորհրդական Սէուտ Քահթանիի շուրջ հետաքննութիւն կատարուած է, սակայն անոր դէմ ամբաստանութիւն չէ ներկայացուած, ուստի եւ ազատ արձակուած է: Ազատ արձակուած...

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան  Համակարգերը Դէմ Դրած Են  Իսրայէլեան Հրթիռներու

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրած Են Իսրայէլեան Հրթիռներու

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են բռնագրաւեալ հողերու ուղղութենէն եկող հրթիռներու: ՍԱՆԱ նշեց, որ «թշնամական թիրախներէն մէկը ինկած է» Դամասկոսի գիւղական շրջանի Աքրապա շրջանին մէջ: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւեր Սայտայի վերեւ կեղծ յարձակումներ գործած են ու ցած բարձրութեամբ թռիչքներ կատարած: Ըստ լիբանանցիներու կողմէ ընկերային ցանցերուն վրայ...

«Թուրքիան Սուրիայէն Գաղթականներու  Նոր Ալիքը Առանձինը Պիտի Չդիմակայէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Սուրիայէն Գաղթականներու Նոր Ալիքը Առանձինը Պիտի Չդիմակայէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը առանձինը պիտի չդիմակայէ Սուրիայէն գաղթականներու նոր ալիքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Մեր եղբայրներէն աւելի քան 80.000-ը սկսած է Իտլիպէն դէպի մեր սահման փախչիլ: Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիան առանձինը պիտի չդիմակայէ գաղթականներու նոր ալիքը», յայտարարած է Էրտողան` զգուշացնելով.«Մեր դիմագրաւած ճնշումին ժխտական ազդեցութիւնը նաեւ պիտի զգան եւրոպական բոլոր պետութիւնները`...

Մաքրոն. «Գաղութատիրութիւնը Ֆրանսական  Հանրապետութեան  Կողմէ Գործուած Մեծ Սխալ Մըն Էր»

Մաքրոն. «Գաղութատիրութիւնը Ֆրանսական Հանրապետութեան Կողմէ Գործուած Մեծ Սխալ Մըն Էր»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ գաղութատիրութիւնը «հանրապետութեան կողմէ գործուած մեծ սխալ մըն էր»` կոչ ուղղելով Ֆրանսայի եւ ափրիկեան ցամաքամասին մէջ անոր նախկին գաղութներուն միջեւ «նոր էջ մը» բանալու: Մաքրոն Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Օթարայի հետ Ապիճանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Այսօր Ֆրանսան յաճախ կը դիտուի իբրեւ տիրութեան ձգտում ունեցող եւ սուտ կերպարանքով ներկայացող գաղութատիրութիւնը, որ մեծ սխալ...

Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Թուրքիոյ`  Սարաժի Հետ Յուշագիրի Կնքումը.  Հաֆթարի Ուժերը Գրաւեցին Թրքական Նաւ Մը

Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Թուրքիոյ` Սարաժի Հետ Յուշագիրի Կնքումը. Հաֆթարի Ուժերը Գրաւեցին Թրքական Նաւ Մը

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի յայտնեց, որ իրենց ուժերը շաբաթ օր Տառնայի ծովափին մօտ շրջանային ջուրերուն մէջ գրաւած են Կրանատայի դրօշ բարձրացուցած նաւ մը, որուն անձնակազմին անդամները թուրքեր են: Միսմարի յայտնեց, որ նաւը տարուած է Ռաս Հիլալ նաւահանգիստ` «խուզարկման ու բեռներու քննութեան համար»: Յիշեցնենք, որ զօր. Հաֆթարի ղեկավարած բանակի ծովուժի սպայակոյտի պետ Ֆարաժ Մահտաուի յայտարարած...

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւարեւելեան  Գիւղական Շրջանին Մէջ Նոր Գիւղեր Կ՛ազատագրէ

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւարեւելեան Գիւղական Շրջանին Մէջ Նոր Գիւղեր Կ՛ազատագրէ

Սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բախումներէ ետք նոր գիւղեր ազատագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Սուրիական բանակը յառաջանալով այժմ 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ժարժանազ գիւղէն, որ զինեալներու կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը կը նկատուի: Սուրիական բանակը կը կռուի Սարման եւ Ժարժանազ գիւղերը ազատագրելու համար երկու ճակատներու վրայ` առ ի պատրաստութիւն մուտք...

«Թուրքիան Ու Ճափոնը Մէկ Ազգ,  Երկու Պետութիւն Են»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ճափոնի Դեսպանը

«Թուրքիան Ու Ճափոնը Մէկ Ազգ, Երկու Պետութիւն Են» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ճափոնի Դեսպանը

Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալփասլան Քաւաքլըօղլու մասնակցած է Թուրքիոյ եւ Ճափոնի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման նուիրուած ձեռնարկին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ձեռնարկը տեղի ունեցած է Ճափոնի դեսպանատան մէջ: Թուրքիոյ մէջ Ճափոնի դեսպան Աքիօ Միաձիմա ձեռնարկի ընթացքին յայտնած է. «Թուրքիան եւ Ճափոնը աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու են, սակայն մեր սիրտերը իրարու մօտ են: Այսինքն` երկու պետութիւն, մէկ ազգ ենք»: Քաւաքլըօղլու իր կարգին...

Page 494 of 884 1 … 493 494 495 … 884

Արխիւներ