Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայաններու Ռմբակոծման Առնչութեամբ

Դեկտեմբեր 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր մտահոգութիւն յայտնեց Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու ռմբակոծման առնչութեամբ:

Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն ամերիկեան ուժեր հիւրընկալող ռազմակայաններուն դէմ հրթիռարձակումներու դէպքերը շատցած են:

Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատար Ատել Ապտելմահտիի գրասենեակը յայտարարեց, որ վերջինս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Էսփըրի հետ:

«Էսփըր մտահոգութիւն յայտնած է կարգ մը կառոյցներու ռմբակոծման վերաբերեալ եւ անհրաժեշտ նկատած է այդ ռմբակոծումը դադրեցնելու քայլերու որդեգրումը», նշեց գրասենեակը:

Ապտելմահտի իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած է այդ զարգացումներուն վերաբերեալ եւ կոչ ուղղած է բոլորին մասնակցութեամբ ջանքեր գործադրելու` արգիլելու համար մագլցումը, որ եթէ զարգանայ, պիտի վտանգէ բոլոր կողմերը:

«Իրաքեան կառավարութեան եւ պետութեան որեւէ տկարացում պիտի քաջալերէ մագլցումն ու քաոսը», նշեց ան` աւելցնելով. «Միակողմանի որոշումներ տալը պիտի արժանանայ ժխտական հակազդեցութիւններու, որոնք վերահսկողութեան տակ առնելը պիտի ըլլայ դժուար. անոնք պիտի վտանգեն Իրաքի ապահովութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը»:

Անցեալ շաբաթ ամերիկեան զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը զգուշացուց, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժեր հիւրընկալող ռազմակայաններու ռմբակոծումը բոլոր կողմերը կը մօտեցնէ անվերահսկելի մագլցումին:

Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը շաբաթ օր Իրանի կամակատարները ամբաստանեց ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ յարձակումներուն ետին կանգնելու յանցանքով` զգուշացնելով, որ ամերիկացիներու, անոնց դաշնակիցներուն կամ շահերուն վնասման պարագային ամերիկեան կողմը վճռակամ կերպով պիտի հակադարձէ:

 

Նախորդը

Փենթակոն Պատասխանած Է Միացեալ Նահանգներու Համար Ռազմակայանները Փակելու Էրտողանի Յայտարարութեան

Յաջորդը

Ռելի. Մուսա Ճիյերեան Յաջող Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?