Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք պիտի տանի Լիպիոյ հետ գործակցութիւնը արագացնելու` շեշտելով, որ Անգարան պատրաստ է լիպիական կողմին «որեւէ պահու» օժանդակելու, «եթէ ատոր կարիքը ունենայ»:
Էրտողան աւելցուց, որ այն օժանդակութիւնը, որ իր երկիրը կրնայ Լիպիոյ տրամադրել, կը ներառէ «զինուորական աջակցութիւնը»: