Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մալեզիոյ Մէջ Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ռուհանի Իտլիպէն Ահաբեկիչներու Վտարման Համար Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիական Կառավարութեան Հետ Գործակցելու

Դեկտեմբեր 20, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցող «Քուալալամփուր 2019» վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ զարգացումները:

Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող վերջին զարգացումները եւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն, մասնաւորաբար ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ դրամատնային մարզին մէջ ընդլայնելու եւ խորացնելու կարելիութիւնները:

Ռուհանի հանդիպումի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան շարունակութեան առնչութեամբ` կոչ ուղղելով «սուրիական կառավարութեան հետ Թուրքիոյ եւ Իրանի աւելի մեծ գործակցութեան»:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց «Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցելու` Իտլիպ քաղաքէն ահաբեկչական խմբաւորումները վտարելու համար, որպէսզի այդ քաղաքի բնակիչները խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն ունենան»:

Մինչ այդ, «Մաստար Նիուզ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ օդուժները Լաթաքիոյ Հմէյմիմ ռազմակայանէն ռուսական օդուժին ղեկավարութեամբ վերջին 72 ժամուան ընթացքին աւելի քան 140 օդային հարուած հասցուցած են, այս յարձակումին առանցքային թիրախը եղած է Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանը:

Կը նշուի նաեւ, որ ռուսական եւ սուրիական ուժերը 18 դեկտեմբերի երեկոյեան սկսած են շարունակական օդային հարուածներ հասցնել Իտլիպի հարաւային հատուածին:

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը, մէջբերելով զինուորական աղբիւր մը, հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յաւելեալ ուժեր կ՛ուղարկէ դէպի Իտլիպ եւ թերեւս շրջանէն ահաբեկիչները վտարելու համար լայնածաւալ յարձակում մը շղթայազերծէ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ շաբաթ առաջ յայտարարած էր, որ Իտլիպը պէտք է ամբողջովին ազատագրուի ահաբեկիչներէն եւ վերադարձուի երկրի կառավարութեան վերահսկողութեան տակ:

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թրամփի Պաշտօնազրկման

Յաջորդը

Թենիս. Խաչանովի Կիսաւարտականի Մրցակիցը` Նատալ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?