Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիա կարեւոր նկատած է երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը կարելի բոլոր միջոցներուն օգտագործումով, բացառութեամբ պատերազմէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզճորճիա» կայքը:
Ան այս մասին ըսած է արտասահմանի մէջ Վրաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու ղեկավարներու տարեկան հանդիպման ընթացքին:
«Ընդունելի է ամէն բան, բացի պատերազմէն: Մեր քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ ողջմիտ, հիմնուած բացարձակապէս սառն դատողութեան վրայ, եւ մենք պէտք է ձեռնարկենք բոլոր քայլերը, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ վերականգնենք մեր երկրին միասնութիւնը: Մենք պէտք է ատիկա ընենք` օգտագործելով բոլոր միջոցները, բացի պատերազմէն: Մենք ստանձնած ենք այդ պարտաւորութիւնը եւ պէտք է կատարենք զայն», յայտնած է ան: