Փենթակոնի Ղեկավարին Խօսքերը Կը Հակասեն Սիւլէյմանիի Սպանութեան Համար Թրամփի Նշած Դրդապատճառներուն
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց, որ չունի գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարներէն շօշափելի փաստեր, թէ Իրան ամերիկեան չորս դեսպանատուներու դէմ յարձակում կը ծրագրէր, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ իբրեւ դրդապատճառ նշուած էր զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկման համար: Էսփըր ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ ամերիկեան չորս դեսպանատուներու դէմ յարձակումի մասին Թրամփի յայտարարութիւնը «շօշափելի փաստերու...




















