Քրտական դատին զօրակցող շուրջ չորս հազար անձեր Փարիզի մէջ ցոյց մը կատարեցին 2013-ին Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ ահաբեկուած երեք քիւրտ գործիչներու հարցով «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» պահանջելով:
Ցուցարարներ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Վերջ տալ քաղաքական ոճիրներու անպատժելիութեան»: Վիեննայի եւ Սթոքհոլմի մէջ եւս տեղի ունեցան նոյնպիսի ցոյցեր: