Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտել Մեհտի Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց պատուիրակներ ուղարկել` օտար ուժերու ապահով հեռացման վերաբերեալ իրաքեան խորհրդարանի որոշումին գործադրման համար մեքանիզմը ճշդելու համար:
Ապտել Մեհտի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Իրաքի գերիշխանութիւնը ոտնահարող գործողութիւնները` շեշտելով, որ Պաղտատ նախանձախնդիր է իր դրացիներուն ու միջազգային ընտանիքին մէջ իր բարեկամներուն հետ լաւագոյն յարաբերութիւններու պահպանման եւ դիւանագէտներու պաշտպանութեան:
«Իրաքի առաջնահերթութիւնները կը սահմանափակուին ահաբեկչութեան ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի, Իրաքի վերաշինութեան եւ տնտեսական աճի իրագործման մէջ», ընդգծեց ան:
Իրաքի վարչապետը նշեց, որ ամերիկեան անօդաչու սարքեր առանց կառավարութեան արտօնութեան «գործող համաձայնութիւններուն հակասող» կերպով մուտք կը գործեն Իրաք` աւելցնելով, որ Իրաք մերժած է ու կը մերժէ իր գերիշխանութեան բոլոր ոտնահարումները:
Իրաքի վարչապետին մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ վարչապետ Ապտել Մեհտի հինգշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացած է Փոմփէոյէն, ան այդ հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է վերջին զարգացումներն ու տարբեր կողմերուն մագլցումը եւ բաց պատերազմի դիմելը արգիլելու փափաքը:
Յիշեցնենք, որ իրաքեան խորհրդարանը որդեգրած էր հինգ կէտերէ բաղկացած որոշում մը, որ իրաքեան կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար Միջազգային դաշինքին ներկայացուած օժանդակութեան խնդրանքին, որովհետեւ Իրաքի մէջ զինուորական եւ պատերազմական գործողութիւնները վերջացած են եւ յաղթանակն ու ազատագրումը` իրագործուած:
Խորհրդարանը իրաքեան կառավարութենէն նաեւ պահանջեց վերջ տալ իրաքեան հողերուն վրայ որեւէ օտար ուժի ներկայութեան, եւ անոր արգիլել իրաքեան հողերը, ջուրերն ու օդային տարածքը որեւէ պատճառով օգտագործել: