«Իրան Չի Կրնար Ուքրանական Օդանաւի Արկածին
Դրդապատճառները Ծածկել» Կ՛ըսէ Շամխանի
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ալի Շամխանի յայտնեց, որ կարելի չէ ուքրանական օդանաւի արկածին դրդապատճառները թեքնիք առումով թաքցնել` նշելով. «Իսլամական հանրապետութիւնը օդանաւի հարցին առնչակից երկիրներուն անհրաժեշտ պայմանները ապահովեց առանց սահմանափակումներու մասնակցելու հետաքննութիւններուն»:
«Օդանաւի դէպքէն ետք Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարներուն ու անդամներուն տխրութիւնը աննախադէպ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրանեան զինեալ ուժերը իրենք զիրենք այս ազգային աղէտին պատասխանատուն կը նկատեն:
Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» ջոկատին մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցչութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պիտի չարտօնէ «զինուորական սխալի մը համար պահակագունդէն վրէժ լուծելը»` աւելցնելով. «Այսօր թշնամին սխալ կերպով կը կարծէ, թէ ուքրանական օդանաւը վար առած զինուորական սխալը իրեն պիտի արտօնէ պահակագունդէն վրէժ լուծել»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի դէպքը նկատեց «աղէտ» մը եւ «ազգային ողբերգութիւն» մը: Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին նշեց. «Ուքրանական օդանաւին վար առնուիլը մեծ աղէտ մըն է եւ աններելի սխալ մը»:
Իրանեան բանակը յայտնեց, որ ուքրանական օդանաւին վար առնուելուն պատասխանատուները «անմիջապէս» դատարանին առջեւ պիտի կանգնին:
Նշենք, որ Իրան շաբաթ օր խոստովանեցաւ, որ ուքրանական ճամբորդատար օդանաւը «մարդկային սխալ»-ի պատճառով վար առնուած է: Իրանցի զօրավար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Զինուոր մը ուքրանական օդանաւին ուղղութեամբ հրթիռը առանց հրամանի արձակեց` հաղորդակցութեան կապերու դիտաւորեալ խանգարման պատճառով»: Ուքրանիա հատուցում պահանջեց, իսկ Քանատա` պատասխանատուութեան ճշդում:
Յեղափոխութեան պահակագունդի օդուժի հրամանատար Ամիր Ալի Հաժիզատէ յայտնեց, թէ զինուոր մը անկախ եւ առանձին գործած է` օդանաւը շփոթելով «թեւաւոր հրթիռ»-ի մը հետ: «Ան որոշելու համար 10 երկվայրկեան ունէր: Ան կրնար որոշել հարուածել կամ ոչ, եւ այսպիսի պայմաններուն մէջ ան սխալ որոշումը տուաւ», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Քիեւ ուղղուող ուքրանական ջախջախուած օդանաւի զոհերուն շարքին էին իրանցիներ, քանատացիներ, ուքրանացիներ, բրիտանացիներ, աֆղաններ եւ շուէտացիներ:
Թեհրանի Մէջ Ցոյցեր
Հազարաւոր ցուցարարներ շաբաթ օր Թեհրանի մէջ ցոյց կատարեցին` պահանջելով հաշուետուութեան ենթարկել ուքրանական օդանաւին վար առնուելուն պատասխանատուները: Ցուցարարներ երէկ եւս փողոց դուրս եկան, սակայն ապահովութեան ուժերը դուրս եկան յաւելեալ ցոյցերը կանխարգիլելու համար:
Երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ շարք մը այլ իրանեան քաղաքներու մէջ: Շարք մը իրանեան օրաթերթեր անդրադարձած են զոհերուն ի յիշատակ շաբաթ գիշերուան հսկումներուն եւ իրենց լուրերը խորագրած` «Ամօթ» եւ «Աններելի»: Կառավարամէտ օրաթերթ մը նաեւ գովաբանած է Իրանի կողմէ գործուած սխալին «անկեղծ» ընդունումը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ թէ՛ անգլերէն եւ թէ՛ պարսկերէն գրառում կատարելով ըսաւ. «Իրանցի քաջ ու տառապող ժողովուրդին, նախագահական պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր կանգնած եմ ձեր կողքին, եւ իմ կառավարութիւնս պիտի շարունակէ ձեր կողքին կանգնիլ: Ձեր ցոյցերուն մօտէն կը հետեւինք: Ձեր քաջութիւնը մեզ կը ներշնչէ»:
Մինչ այդ, Բրիտանիան դատապարտեց Իրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին ձերբակալութիւնը` զայն նկատելով «միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ յայտնեց, որ դեսպան Ռապ Մաքէյր ձերբակալուած է ներկայ գտնուելէ ետք հսկումի մը, որ նուիրուած է յիշատակին օդանաւի ջախջախման զոհերուն, որոնցմէ ոմանք բրիտանացիներ են:
Իրան կիրակի օր իր մօտ կանչեց Բրիտանիոյ դեսպանը` բողոքելու համար «ապօրինի հաւաքի մը ներկայ գտնուելու իր արտասովոր վարմունքին դէմ»:
Նշենք, որ երէկ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ: