Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ռուսիա-Սուրիա եռակողմ հանդիպում մը, որուն ընթացքին սուրիական կողմը թրքական կողմէն պահանջեց յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, հողերուն անվտանգութիւնն, հողերուն ու ժողովուրդին միութիւնը, եւ անմիջապէս ամբողջական կերպով հեռանալ սուրիական բոլոր հողերէն:
Սուրիական կողմի ներկայացուցիչ, Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ալի Մամլուք թրքական կողմի ներկայացուցիչ, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանին յայտնեց, որ Թուրքիան պէտք է յարգէ Իտլիպի վերաբերեալ Սոչիի համաձայնութեան հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի շրջանէն ահաբեկիչներն ու ծանր զէնքերը հեռացնելուն եւ Հալէպ-Լաթաքիա ու Հալէպ-Համա ճամբաները բանալուն:
Մամլուք շեշտեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը վճռած է շարունակել ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ ազատագրել Իտլիպի ամբողջ շրջանը: