Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաֆթարի Ուժերը Զինադադարի Խախտման Համար Կ՛ամբաստանեն Սարաժի Ուժերը

January 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակը Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերը ամբաստանեց շաբաթ կէս գիշերէն սկսեալ արեւմտեան շրջանին մէջ յայտարարուած զինադադարը խախտելու յանցանքով: Վերջինս կիրակի առտու իր դիմատետրեան էջին վրայ հրապարակեց, թէ համաձայն է զինադադարին` ընդառաջելով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի կոչերուն:

Նշենք, որ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժ նախապէս պայման դրած էր, որ Հաֆթարի ուժերը զինադադարի հաստատումէն առաջ նահանջեն իրենց ներկայ դիրքերէն:

Լիպիական ազգային բանակը յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Թրիփոլիի հարաւը վար առած է թրքական անօդաչու թռչող սարք մը, որ հրասանդի հրթիռներ կը կրէր, ինչ որ զինադադարի խախտում մըն է:

Բանակը նաեւ յայտնեց, որ գրաւած է իտալական նաւ մը, որ կ՛ուղղուէր Միսրաթայի նաւահանգիստ, եւ զայն տարած Պենկազիի նաւահանգիստ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կոչ ուղղեցին մեղմացնելու Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը: Միշել իր գնահատանքը արտայայտեց Մոսկուայի եւ Թուրքիոյ` Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու կոչին:

Մինչ այդ, Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Հռոմի մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցած են Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղայի եւ զօր. Հաֆթարի հետ:

«Լիպիական բոլոր կողմերը հաստատեցին տագնապին քաղաքական մնայուն լուծումի մը հասնելու կարեւորութիւնը, ինչ որ վերջ կու տայ զինուորական քայլերուն եւ բոլոր լիպիացիներուն համար դէպի աւելի լաւ ապագայ ուղի կը ճշդէ», նշեց հաղորդագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Ուղերձ Յղած Է Օմանի Սուլթանութեան Սուլթան Հայսամ Պըն Թարեք Պըն Թայմուրին

Յաջորդը

Ժապհաթ Նուսրան Եւ Անոր Դաշնակիցները Կը Խախտեն Զինադադարը

RelatedPosts

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ  Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական»  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին
Միջազգային

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական» Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

October 6, 2026
Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.