Տուման Հաւանութիւն Տուաւ Ռուսիոյ Վարչապետի Պաշտօնին Միշուսթինի Թեկնածութեան
Ռուսիոյ Տուման լիագումար նիստի ընթացքին հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին դաշնակցային հարկային ծառայութեան ղեկավար Միխայիլ Միշուսթինի թեկնածութեան, որ առաջադրուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետուզա» կայքը: Մինչ այդ, Միշուսթին հանդիպած էր 4 խորհրդարանական խմբակցութիւններէն իւրաքանչիւրին հետ: Ռուսիոյ վարչապետի թեկնածու Միխայիլ Միշուսթին Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան խմբակցութեան հետ հանդիպումի ընթացքին խոստացած է, որ կառավարութեան մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ...




















