Միջազգային

«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Պատճառներէն  Մէկը Իրաքի Մէջ Մեր Դեսպանատան  Ականահարման Ծրագրումն Էր»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Պատճառներէն Մէկը Իրաքի Մէջ Մեր Դեսպանատան Ականահարման Ծրագրումն Էր» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու` անցեալ շաբաթ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանին Իրաք հասնելէն կարճ ժամանակ ետք սպաննելուն պատճառներէն մէկը Իրաքի մէջ ամերիկեան դեսպանատան ականահարման ծրագրումն էր: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Վայրի գազան մը բռնեցինք եւ անոր վերջ տուինք, ինչ որ շատոնց պէտք էր տեղի ունենար: Ատիկա կատարեցինք, որովհետեւ մեր դեսպանատունը ականահարելու կը ձգտէին»: Ան...

Իրան Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու  Համագործակցութեան Առաջարկը

Իրան Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու Համագործակցութեան Առաջարկը

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժիտ Թախթ Ռաւանճի Ուաշինկթընի համագործակցութեան առաջարկը անկարելի կոչած է եւ յայտարարած, որ Թեհրան չի կրնար զայն ընդունիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատու գործակալութիւնը: «Այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը շարունակեն թշնամութիւն հրահրել, բանակցութիւնները ոչ մէկ իմաստ ունին», ըսած է իրանցի դիւանագէտը: Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու «աննախադէպ» պատժամիջոցները կը հակասեն միջազգային...

Եւրոպական Խորհրդարանը Քուէարկեց  Ի Նպաստ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Սառեցման

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանի Արտակարգ Ընտրութիւններուն Հսկողութիւն Պիտի Չկատարէ

Եւրոպական խորհրդարանը պիտի չհսկէ Ազրպէյճանի արտակարգ ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են այս տարուան 9 փետրուարին: Այս մասին նշուած է Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ, որ ուղարկուած է «Թուրան» լրատու գործակալութեան: «Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանի կամ անոր կառոյցներու անդամներէն ոչ մէկը լիազօրուած է Եւրոպական խորհրդարանին անունով հսկելու կամ մեկնաբանելու ընտրական հոլովոյթը: «Հետեւաբար, եթէ Եւրոպական խորհրդարանի ոեւէ անդամ որոշէ հսկել այդ ընտրութիւններուն, ապա ատիկա պիտի...

Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ Ինճիրլիքի  Ռազմակայանէն Հեռացուցած Են  Զինուորական Օդանաւերը

Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ Ինճիրլիքի Ռազմակայանէն Հեռացուցած Են Զինուորական Օդանաւերը

Իրանի կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու հրթիռակոծումէն ետք, Թուրքիոյ մէջ հայեացքները սեւեռած են Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանին վրայ: Թրքական «Օտա Թի.Վի.» կայքին համաձայն, Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու հրթիռակոծումէն ետք, Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանին մէջ որեւէ շարժում չէ նկատուած: Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս Ինճիրլիքէն հեռացուցած են զինուորական օդանաւերը:

Ռուսիան Յետխորհրդային Ժամանակահատուածին Մէջ Քարիւղի Արդիւնահանման Մրցանիշ Հաստատած Է

Ռուսիան Յետխորհրդային Ժամանակահատուածին Մէջ Քարիւղի Արդիւնահանման Մրցանիշ Հաստատած Է

Ռուսիա անցեալ տարի յետխորհրդային ամբողջ ժամանակահատուածին ընթացքին քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու մրցանիշ հաստատած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»: Լրատու գործակալութեան տուեալներով` 2019-ի ընթացքին ռուսական հանքավայրերուն մէջ արդիւնահանուած է 560,2 միլիոն թոն քարիւղ, ինչ որ համազօր է օրական 11,25 միլիոն տակառի: Նոյն ատեն կը նշուի, որ 1987-ի մրցանշային տարուան ընթացքին Ռուսիոյ մէջ օրական 11.416 միլիոն տակառ քարիւղ արդիւնահանուած է: Ռուսիան այսպիսի...

Ռուսիան Յայտնած Է «Էս-500»-ներու  Մատակարարման Ժամկէտը

Ռուսիան Յայտնած Է «Էս-500»-ներու Մատակարարման Ժամկէտը

«Էս-500» հակահրթիռային համակարգերու նախնական փորձարկումները պիտի սկսին 2020 թուականին, իսկ անոնց մատակարարումը պիտի սկսի 2025 թուականին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսէյ Քրիվորուչքոն: Ռուսիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանթուրով ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան յայտնած էր, թէ «Էս-500»-ներու ստեղծման աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին: Նախքան այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած էր, որ...

Խազաալի. «Մուհանտեսի Վրէժը Լուծելու  Արշաւը Տակաւին Չսկսաւ, Եւ Իրաքեան  Հակադարձութիւնը Իրանեանէն Նուազ Պիտի Չըլլայ»

Խազաալի. «Մուհանտեսի Վրէժը Լուծելու Արշաւը Տակաւին Չսկսաւ, Եւ Իրաքեան Հակադարձութիւնը Իրանեանէն Նուազ Պիտի Չըլլայ»

Իրաքի Ասայեպ Ահլ Հաք շարժումի ղեկավար Քայս Խազաալի յայտնեց. «Իրաքեան ժողովրդային աշխարհազօրի մարմինի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի վրէժը լուծելու գործողութիւններու շղթայազերծման ժամը տակաւին չհնչեց»: «Եթէ ամերիկեան ուժերը մերժեն Իրաքէն հեռանալ, ապա ցնցիչ պատասխան մը պիտի ստանան, եւ իրաքեան հակադարձութիւնը բնականաբար իրանեան հակադարձութենէն նուազ պիտի չըլլայ», ընդգծեց ան:

«Հսկողութեան Մեծագոյն  Համակարգը Քանդեցինք»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Հսկողութեան Մեծագոյն Համակարգը Քանդեցինք» Կ՛ըսէ Թեհրան

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց, որ 11 հրթիռներ հարուածած են Իրաքի մէջ Այն Ասատ ռազմակայանը, իսկ առնուազն մէկ հրթիռ ինկած է Էրպիլի մէջ: Իրանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ առնուազն երեք վայրերէ 16 կարճ հասողութեամբ թեւաւոր հրթիռներ արձակուած են: Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետերու միացեալ մարմինի ղեկավար Մարք Միլի ըսաւ, թէ տակաւին կանուխ է վստահ ըլլալու, թէ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ...

Հռոմի Պապը Զսպուածութեան Կոչ Ուղղած Է  Ուաշինկթընին Եւ Թեհրանին

Հռոմի Պապը Զսպուածութեան Կոչ Ուղղած Է Ուաշինկթընին Եւ Թեհրանին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը յորդորած է Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը խուսափելու հետագայ առճակատումէ եւ երկխօսութեան ու զսպուածութեան եղանակով կանխելու տագնապի ընդարձակումը Միջին Արեւելքի մէջ: «Աւելի մտահոգիչ են Միջին Արեւելքէն ստացուող ազդակները, որոնք կը վկայեն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու  սրացման մասին: Անոնք կը վտանգեն Իրանի աստիճանական վերակառուցումը եւ աւելի մեծ առճակատման հիմք կը ստեղծեն», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը: Հռոմի պապը դիտել...

Էրտողան. «Լիպիա Կը Գտնուինք  Անիրաւութեան Վերջ Տալու Համար»

Էրտողան. «Լիպիա Կը Գտնուինք Անիրաւութեան Վերջ Տալու Համար»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց. «Թուրքիան Լիպիա կը գտնուի միայն անիրաւութեան վերջ տալու համար, եւ այդ ալ` հիմնուելով անկէ մեր ստացած հրաւէրին վրայ»: «Թուրքիան պիտի շարունակէ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Միջերկրականի մէջ իր իրաւունքներն ու շահերը մինչեւ վերջ պաշտպանել», շեշտեց ան: «Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար պիտի ըլլանք հոն, ուր պէտք է ըլլանք, եւ պիտի չտատամսինք դէմ դնելու անոր, որուն պէտք...

«Չենք Ուզեր, Որ Լիպիան  Երկրորդ Սուրիոյ Վերածուի»  Կ՛ըսէ Մաաս

«Չենք Ուզեր, Որ Լիպիան Երկրորդ Սուրիոյ Վերածուի» Կ՛ըսէ Մաաս

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները հանդիպում ունեցած են Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Գերմանիան զգուշացուցած է, որ Լիպիան կրնայ երկրորդ Սուրիոյ վերածուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Սարաժ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի հետ, որ զգուշացուցած է, թէ Լիպիան կանգնած է «ջրբաժանի» առջեւ: Ան նաեւ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ...

Ըստ Արեւմտեան Հետախուզական Աղբիւրներու.  Իրանի Արձակած Թեւաւոր Հրթիռները  Դիտումնաւոր Չեն Հարուածած Թիրախները

Ըստ Արեւմտեան Հետախուզական Աղբիւրներու. Իրանի Արձակած Թեւաւոր Հրթիռները Դիտումնաւոր Չեն Հարուածած Թիրախները

Իրան 8 յունուարին 22 թեւաւոր հրթիռ արձակեց Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններէն երկուքին դէմ, սակայն հրթիռները միտումնաւոր չեն հարուածած իրենց թիրախները, այդ պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներ նուազագոյն վնասները կրած են: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը` յղում կատարելով արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւններուն մէջ իր աղբիւրներուն: Լաւատեղեակ աղբիւրներու փոխանցումով` Իրան իր հարուածները այնպէս հաշուարկած է, որ որեւէ ամերիկացի կամ իրաքցի...

«Իսրայէլ Դէմ Է Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու  Տագնապին Մէջ Ներգրաւուելուն»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Իսրայէլ Դէմ Է Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Տագնապին Մէջ Ներգրաւուելուն» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Իսրայէլ ոչ մէկ կապ ունի Պաղտատի օդակայանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հրթիռային հարուածին հետ, որուն պատճառով սպաննուած էր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին, ուստի Թել Աւիւ պէտք չէ ներգրաւուի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ տագնապին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Իսրայէլի վարչապետը այդ մասին յայտարարած...

Իրան Հրթիռակոծեց Անպարի Եւ Էրպիլի Մէջ  Գտնուող Ամերիկեան Ռազմակայաններ

Իրան Հրթիռակոծեց Անպարի Եւ Էրպիլի Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Ռազմակայաններ

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար իբրեւ առաջին հակադարձութիւն տասնեակներով ցամաք-ցամաք հրթիռներ արձակած է Իրաքի մէջ Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ: Ըստ պահակագունդին առնուազն 30 ամերիկացի զինուորներ սպաննուած են, իսկ ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան եւ պետական պատկերասփիւռի կայանին` 80: Կայանը նշեց, որ 15 հրթիռներ հարուածած են Այն Ասատ ռազմակայանը, եւ ամերիկեան հակաօդային...

Դամասկոսի Մէջ Փութին-Ասատ Հանդիպում

Դամասկոսի Մէջ Փութին-Ասատ Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր այցելեց Դամասկոս, ուր Ռուսիոյ զինեալ ուժերու կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Կեդրոնին մէջ երկու նախագահները երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ներկայութեամբ լսեցին զինուորական մանրամասն զեկուցում մը: Ռուսիոյ նախագահը շնորհաւորեց Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական ուժերու Ս. Ծնունդը եւ շնորհաւորեց սուրիացի գործընկերներուն հետ անոնց պարտականութեան կատարումը,...

Թեհրանի Մէջ Ուքրանական Ճամբորդատար  Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Թեհրանի Մէջ Ուքրանական Ճամբորդատար Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Թեհրանի «Իմամ Խումէյնի» միջազգային օդակայանի ընդհանուր տնօրէնը յայտնեց, որ ուքրանական «Պոյինկ 737» տիպի ճամբորդատար օդանաւ մը օդակայանէն թռիչք առնելէ ետք ջախջախուած է: Քիեւ ուղղուող օդանաւը թռիչք առնելէ ետք ջախջախուած է Պրանտ եւ Շահրայար շրջաններուն միջեւ: Օդանաւին վրայ կը գտնուէին 168 ճամբորդներ` 70 այր մարդիկ, 81 կիներ եւ 15 երեխաներ, որոնց մեծամասնութիւնը իրանցիներ էին, ինչպէս նաեւ անձնակազմի 9 անդամ: Վերապրողներ չեն...

Փութին Եւ Էրտողան Լիպիական Կողմերուն  Կոչ Կ՛ուղղեն Շաբաթ Գիշերուընէ  Սկսեալ Զինադադար Յայտարարելու

Փութին Եւ Էրտողան Լիպիական Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեն Շաբաթ Գիշերուընէ Սկսեալ Զինադադար Յայտարարելու

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպում ունենալէ ետք ուղղուեցաւ Պոլիս, ուր երէկ հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, ներառեալ` Իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան եւ այդ արարքին հաւանական հետեւանքներուն հարցերը: Փութին Էրտողանի հետ քննարկեց նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն...

Թեհրան Իսրայէլը Մեղսակից Կը Նկատէ  Սիւլէյմանիի Սպանութեան

Թեհրան Իսրայէլը Մեղսակից Կը Նկատէ Սիւլէյմանիի Սպանութեան

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Իսրայէլը նկատած է Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» մասնայատուկ ուժերու հրամանատար Քասեմ Սլէյմանիի սպանութեան մեղսակից: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Յեղափոխական պահակագունդի յայտարարութեան մէջ: «Այդ յանցագործութեան (Սիւլէյմանիի սպանութիւնը, «Ա.») ծիրին մէջ մենք Իսրայէլը ոչ մէկ ձեւով Միացեալ Նահանգներէն անջատ կը նկատենք», շեշտուած է հաղորդագրութեան մէջ:  

Փոմփէօ Իրանի Հարցով Լսումի Համար  Հրաւիրուած Է Քոնկրես

Փոմփէօ Իրանի Հարցով Լսումի Համար Հրաւիրուած Է Քոնկրես

Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլիոթ Էնկել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն 14 յունուարին հրաւիրած է Քոնկրես` Իրանի վերաբերեալ հրապարակային լսումի: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ունկնդրումներու նպատակը (Քոնկրեսի) հսկողական գործառոյթներու կատարումն է Իրանի եւ Միջին Արեւելքի խնդիրով շրջանային ռազմավարութեան, որուն մէջ նաեւ այն քաղաքականութեան եւ իրաւաբանական յայտարարութիւններուն նկատմամբ, որոնցմով...

Եւրոպական Միութիւնը Դատապարտած Է  Լիպիա Զօրք Ուղարկելու Թուրքիոյ Ծրագիրը

Եւրոպական Միութիւնը Դատապարտած Է Լիպիա Զօրք Ուղարկելու Թուրքիոյ Ծրագիրը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել կոչ ուղղած է դադրեցնելու օտարերկրեայ միջամտութիւնը եւ դատապարտած է Լիպիա զինուորներ ուղարկելու Թուրքիոյ որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան խնդրած է անյապաղ դադրեցնել բռնարարքները եւ արտաքին միջամտութիւնը` աւելցնելով, որ նկատի ունի Թուրքիոյ գործողութիւնները: «Ակնյայտ է, որ ատիկա յղում էր Թուրքիոյ` իր զօրքերը Լիպիա ուղարկելու որոշումին, որ մենք կը դատապարտենք:...

Page 492 of 884 1 … 491 492 493 … 884

Արխիւներ