Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Նախագահն Ու Քաթարի Իշխանը Համաձայնեցան Անվտանգութեան Երաշխաւորման Համար Գործակցելու Եւ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու

January 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի երէկ այցելեց Թեհրան:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Քաթարի իշխանին հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ որոշուած է աշխուժացնել Իրանի եւ Քաթարի միջեւ քաղաքական ու տնտեսական փոխադարձ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ զօրացնել անվտանգութեան երաշխաւորման համար գործակցութեան ու համակարգման ամրապնդումը` նկատի ունենալով Ծոցին մէջ անվտանգութեան կարեւորութիւնը:

Ռուհանի մաղթեց, որ իր երկիրը ականատես դառնայ Քաթարի հետ յարաբերութիւններու յաւելեալ ընդլայնման` ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն:

Քաթարի իշխանը իր կարգին յայտնեց, որ Իրանի նախագահին հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր` նշելով, որ Քաթարի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են, «եւ միշտ ալ Իրանի մէջ մեր եղբայրներուն հետ հաղորդակցութեան կապերը բաց են»:

Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը գնահատեց Իրանի կեցուածքն ու վերջին տարիներուն Քաթարի պաշարման պայմաններուն մէջ կատարածները:

Ան յայտարարեց, որ Իրանի նախագահը հրաւիրած է Քաթար, «եւ ան ինծի խոստացաւ կարելի եղածին չափ շուտ ընդառաջել, եւ մենք զինք կը սպասենք»:

Քաթարի իշխանը աւելի ուշ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ:

Նշենք, որ ամերիկեան «Էն. Պի. Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկման գործողութիւնը ղեկավարուած է Քաթարի մէկ գրասենեակէ մը` մասնակցութեամբ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան:

Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիսի գլխաւորած սուրիական կառավարական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը իր կարգին երէկ հասաւ Թեհրան` ցաւակցութիւն յայտնելու համար զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ անոր զինակիցներուն ահաբեկման համար, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին Իրանին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու համար:

Երէկ Թեհրան այցելողներու շարքին էր նաեւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Շահ Մահմուտ, որ Թեհրանէն իր այցելութեան աւարտին այսօր կ՛ուղղուի Ռիատ, ապա Ուաշինկթըն` ջանալով մեղմացնել շրջանին մէջ տիրող լարուածութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Իրաքէն Պիտի Հեռանանք Պաղտատի Հետ Համաձայնութիւններու Հիմամբ» Կ՛ըսէ Օպրայըն

Յաջորդը

Իրան Ընդունեց Ուքրանական Օդանաւին «Մարդկային Սխալ»-ի Մը Պատճառով Վար Առնուիլը

RelatedPosts

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ  Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական»  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին
Միջազգային

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական» Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

October 6, 2026
Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.