Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժ երէկ ստորագրեց Մոսկուայի մէջ լիպիական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններէն բխած փաստաթուղթը: Զօր. Խալիֆա Հաֆթար զայն սերտելու յաւելեալ ժամանակ խնդրեց:
Ըստ փաստաթուղթին, կողմերը առանց նախապայմանի յանձնառու կը դառնան զինադադարի հաստատման եւ զինուորական յանձնախումբ մը կը կազմեն` ճշդելու համար հաղորդակցութեան գիծն ու զինադադարին հսկելու:
Երկու կողմերը զինադադարին հիմամբ կը խոստանան բնականոնացնել Թրիփոլիի շուրջ կացութիւնը եւ աշխատանք տանիլ անոր եւ այլ քաղաքներու մէջ կայունութեան երաշխաւորման: