Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը «Քորոնա» Ժահրին  Պատճառով Փակեց Իր Արտաքին Սահմանները

Եւրոպական Միութիւնը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Փակեց Իր Արտաքին Սահմանները

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները երէկ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը քննարկելու համար գումարեցին տեսախորհրդաժողովի ձեւաչափով արտակարգ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին որոշեցին միութեան արտաքին սահմանները 30 օրով փակել ոչ անդամ երկիրներէն ճամբորդներուն առջեւ: Իտալիոյ վարչապետ Ճիւզեփէ Քոնթէ ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա ծովաշարժը» Եւրոպական Միութեան մէջ որեւէ երկիր անվնաս պիտի չձգէ:

Չինաստան «Մեծ Զայրոյթ Ու Բուռն Մերժում»  Կ՛արտայայտէ Թրամփի` «Քորոնա» Ժահրը  «Չինական Ժահր» Կոչելուն Առնչութեամբ

Չինաստան «Մեծ Զայրոյթ Ու Բուռն Մերժում» Կ՛արտայայտէ Թրամփի` «Քորոնա» Ժահրը «Չինական Ժահր» Կոչելուն Առնչութեամբ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր բուռն զայրոյթն ու մերժումը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` «Քորոնա» ժահրը «չինական ժահր» կոչելուն առնչութեամբ: Նախարարութեան բանբեր Կինկ Շուանկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժահրը Չինաստանին առնչելը «խարանումի ձեւ մըն է»` աւելցնելով. «Մեծ զայրոյթ կը զգանք եւ զայն բուռն կերպով կը մերժենք»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով...

Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն  Կ՛ուղարկեն Իրան

Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն Կ՛ուղարկեն Իրան

Քաթար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Իրանին տրամադրած է վեց թոն բժշկական դիմակ եւ սաքրաւորումներ` իբրեւ օգնութիւն, որ Թեհրանին առաջարկուած էր Քաթարի իշխանին կողմէ: Այս մասին հաղորդեց Քաթարի լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի մէջ Քաթարի դեսպանատան: Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը անցեալ շաբաթ որոշում տուած էր օգնութիւն ուղարկել Իրան եւ այնտեղ հասցնել անհրաժեշտ դեղամիջոցներ եւ սարքեր: Իրանի...

Պաղտատի Հարաւը Գտնուող Պասմայա  Ռազմակայանին Ամերիկեան  Բաժինը Հրթիռակոծուեցաւ

Պաղտատի Հարաւը Գտնուող Պասմայա Ռազմակայանին Ամերիկեան Բաժինը Հրթիռակոծուեցաւ

Իրաքի ռազմակայաններուն մէջ իրենց ուժերը ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներու քայլէն ետք,  մայրաքաղաք Պաղտատի հարաւը գտնուող Պասմայա ռազմայականին մէջ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի բաժինին վրայ հրթիռներ ինկան: Ամերիկեան բանակը հաղորդեց, որ երկուշաբթի գիշեր երկու հրթիռներ ինկած են Պասմայա ռազմակայանին մէջ ամերիկեան ուժերու դիրքերուն վրայ` նշելով, որ այդ հրթիռները արձակուած են Մաամել Թապուք Նահրուանի մէջ գտնուող արտերէ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց,...

Ջաւախքի Մէջ Մեկուսացումի  Միջոցառումներ

Ջաւախքի Մէջ Մեկուսացումի Միջոցառումներ

Հակառակ անոր որ Ջաւախքի մէջ այս պահուս «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներ չեն արձանագրուած, սակայն կը կիրարկուին առողջապահական մեկուսացումի քայլեր, որոնց նպատակն է ժահրի հաւանական տարածումը չարտօնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ջաւախք Մետիա»-ն: Ասիկա նախ եւ առաջ կը վերաբերի պետական սահմանները անցած, այլ պետութիւններէ հասած անձերու ինքնամեկուսացման: Այս քայլերը կը կիրարկուին անկախ այն բանէն, թէ տուեալ պետութեան մէջ արդեօք արձանագրուա՞ծ է...

Փարիզ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Ֆրանսական Մեծ Ընկերութիւններ Պիտի Պետականացնէ

Փարիզ Անհրաժեշտութեան Պարագային Ֆրանսական Մեծ Ընկերութիւններ Պիտի Պետականացնէ

Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնը Լը Մեր յայտարարեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը պատրաստ է «Քորոնա» ժահրին պատճառով յառաջացած ելեւմտական շուկայի վերիվայրումներէն նեղութեան մատնուած մեծ ընկերութիւններուն տրամադրելու աջակցութեան ամէն միջոց, ներառեալ` անհրաժեշտութեան պարագային պետականացումը: «Ֆրանսական մեծ ընկերութիւններու պաշտպանութեան համար կարելի բոլոր միջոցներու օգտագործման հարցով պիտի չերկմտինք», ըսաւ ան: «Կարելի է ատիկա գործադրել վերաֆինանսաւորման միջոցով, նաեւ կարելի է բաժնետոմսեր ձեռք բերելով, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան...

«Նետերլանտներու Բնակչութեան  Մեծամասնութիւնը  Պիտի Վարակուի «Քորոնա» Ժահրով»  Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Վարչապետը

«Նետերլանտներու Բնակչութեան Մեծամասնութիւնը Պիտի Վարակուի «Քորոնա» Ժահրով» Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Վարչապետը

Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռութէ նշեց. «Նետերլանտներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը պիտի վարակուի «Քորոնա» ժահրով»: «Կառավարութիւնը կ՛ուզէ հաւաքական ախտամերժում զարգացնել` սպասելով պատուաստի գտնուելուն, պաշտպանելէ ետք ժահրով վարակման հարցին մէջ ամէնէն տկարները եւ տարեցներն ու հիւանդները անկէ պաշտպանելով բաւարարուելէ ետք», յայտնեց վարչապետը: Ան ըսաւ, որ ամենայն լրջութեամբ «իրականութիւնը այն է, որ նետերլանտցիներուն մէկ մեծ մասը պիտի վարակուին «Քորոնա» ժահրով: Մասնագէտներ մեզի այդ մասին կը...

«Կրիհաթ» Կայքին Համաձայն.  «Քորոնա» Ժահրը Իտլիպի Մէջ Սուրիական Ազատ  Բանակէն Փոխանցուած Է Թուրք Զինուորներու

«Կրիհաթ» Կայքին Համաձայն. «Քորոնա» Ժահրը Իտլիպի Մէջ Սուրիական Ազատ Բանակէն Փոխանցուած Է Թուրք Զինուորներու

Թրքական «Կրիհաթ» կայքը հաղորդեց ոչ պաշտօնական տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն, երեք թուրք զինուորներ Իտլիպի մէջ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով եւ առողջապահական մեկուսարանի մէջ դրուած: Տեղական աղբիւրներ «Կրիհաթ»-ին յայտնած են, թէ «Քորոնա» ժահրը տարածուած է Սուրիոյ մէջ տագնապի շրջաններուն մէջ` աւելցնելով, որ երեք թուրք զինուորներ Սուրիական ազատ բանակի ուժերուն եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողքին վարակուած են այս ժահրով: Կայքը նշեց, որ...

Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութիւնը Պիտի Սկսի Սուրիոյ  Հիւսիսարեւմտեան Շրջանի  Բնակչութեան Քննութիւններ Կատարել

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Պիտի Սկսի Սուրիոյ Հիւսիսարեւմտեան Շրջանի Բնակչութեան Քննութիւններ Կատարել

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան շրջանային տնօրէն Ռիք Պրենըն յայտնեց. «Կազմակերպութիւնը մօտ օրէն պիտի սկսի «Քորոնա»-ի քննութիւններ կատարել Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ, որ կը գտնուի զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ»: Պրենըն յոյս յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին իրենց տրամադրութեան տակ կ՛ունենան սարքերը, որպէսզի կարենան սկսիլ քննութիւններու կատարման: Ան յայտնեց, որ խոր մտահոգութիւն կը զգան, որովհետեւ շրջանին մերձակայ երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատ...

Ռուսիա. «Ուաշինկթըն Դիտաւորեալ Կերպով  Կ՛արգելակէ Իրանի Մէջ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարը»

Ռուսիա. «Ուաշինկթըն Դիտաւորեալ Կերպով Կ՛արգելակէ Իրանի Մէջ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` ջնջելու Իրանի դէմ «անմարդկային» պատժամիջոցները, մինչ երկիրը կը պայքարի նոր «Քորոնա» ժահրին դէմ` յայտնելով, որ այդ քայլերը «ուժեղ արգելք են» Թեհրանի` ժահրին դէմ ազդու պայքարին: «Մայիս 2018¬էն ի վեր «Առաւելագոյն ճնշում» արշաւի ծիրին մէջ հաստատուած ամերիկեան ապօրինի միակողմանի պատժամիջոցները ուժեղ արգելք են ժահրին դէմ ազդու պայքարին դիմաց», նշեց նախարարութիւնը: «Ատոր հետեւանքով արձանագրուած...

Ռուսիոյ Սահմանադրական Դատարանը  Վաւերացուց Փութինի Յաւելեալ Երկու  Նստաշրջաններ Պարգեւող  Սահմանադրական Բարեփոխումները

Ռուսիոյ Սահմանադրական Դատարանը Վաւերացուց Փութինի Յաւելեալ Երկու Նստաշրջաններ Պարգեւող Սահմանադրական Բարեփոխումները

Ռուսիոյ Սահմանադրական դատարանը վաւերացուց Ռուսիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ ստորագրուած սահմանադրական բարեփոխումները: Սահմանադրական բարեփոխումները 22 ապրիլին նախատեսուած հանրաքուէի ընթացքին վաւերացուելու պարագային պիտի մտնեն ուժի մէջ: Սահմանադրական դատարանին կողմէ վաւերացումը Փութինին 2024-էն ետք յաւելեալ երկու նստաշրջաններ նախագահի պաշտօնը վարելու ճամբան կը հարթէ: Յիշեցնենք, որ Տուման երեքշաբթի, 10 մարտին վաւերացուցած էր սահմանադրութեան շարք մը բարեփոխումներ, որոնց շարքին` նախագահական...

Մաքրոն. «Եւրոպայի Հետ Մեր Սահմանը  30 Օրով Պիտի Փակենք`  «Քորոնա»-ի Տարածումը Արգելակելու Համար»

Մաքրոն. «Եւրոպայի Հետ Մեր Սահմանը 30 Օրով Պիտի Փակենք` «Քորոնա»-ի Տարածումը Արգելակելու Համար»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ որոշած է ֆրանսացիներուն տեղափոխութիւնները 15 օրով դադրեցնել` «Քորոնա» ժահրի տարածման վերջ տալու համար: «Ֆրանսայի մէջ ոչ անհրաժեշտ տեղաշարժերը արգիլուած են, եւ այս որոշումը խախտողները պիտի պատժուին», նշեց ան: Մաքրոն նաեւ իր երկրին Եւրոպայի հետ սահմաններուն 30 օրով փակումը յայտարարեց` նշելով, որ Շենկենի տարածքը պիտի առկախուի, եւ սահմանները պիտի փակուին` «Քորոնա»¬ի տարածումը արգելակելու համար: «Բանակը...

Այսօր «Քորոնա» Ժահրին Շուրջ  Տեսախորհրդաժողովի Ձեւաչափով  Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Վեհաժողով

Այսօր «Քորոնա» Ժահրին Շուրջ Տեսախորհրդաժողովի Ձեւաչափով Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Վեհաժողով

Եւրոպական Միութիւնը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը քննարկելու համար այսօր պիտի գումարէ տեսախորհրդաժողովի ձեւաչափով արտակարգ վեհաժողով մը: Այս մասին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել: Սկիզբը ան յայտնած է, որ վեհաժողովը պիտի գումարուի 16 մարտին (երէկ, «Ա.»), սակայն աւելի ուշ իր գրառումը սրբագրած է: «Որոշում տուի Եւրոպական խորհուրդի տեսախորհրդաժողովը կատարել 17 մարտին` քննարկելու համար «Քորոնա» ժահրին շուրջ...

Մոսկուա. «Իտլիպի Մէջ Զինեալ  Խմբաւորումները Չեն Յարգեր Զինադադարը»

Մոսկուա. «Իտլիպի Մէջ Զինեալ Խմբաւորումները Չեն Յարգեր Զինադադարը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական զինեալ մեծ խմբաւորումներ չեն ընդունած ռուս-թրքական համաձայնութիւնը եւ արտաքին աջակցութեամբ յաջողած են վերազինուիլ եւ յարձակողական դիրքեր գրաւել: Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ խմբաւորումները, որոնց շարքին են Հայըաթ Թահրրի Շամը (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») եւ Հուրրաս Տինը, մերժած են ընդունիլ վերջերս Իտլիպի մէջ զինադադար հաստատելու վերաբերեալ Մոսկուայի...

Փոմփէօ. «Ամերիկան Աչք Պիտի Չփակէ  Իրաքի Մէջ Ամերիկացիներու Կեանքերուն Դէմ  Որեւէ Սպառնալիքի Դիմաց»

Փոմփէօ. «Ամերիկան Աչք Պիտի Չփակէ Իրաքի Մէջ Ամերիկացիներու Կեանքերուն Դէմ Որեւէ Սպառնալիքի Դիմաց»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտել Մահտիին յայտնեց, որ իր երկիրը անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրէ «ինքզինք պաշտպանելու համար», եթէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը յարձակումի ենթարկուին: Փոմփէօ շեշտեց, որ անհրաժեշտ հաշուետուութեան պէտք է ենթարկել այդ յարձակումին պատասխանատու խմբաւորումները: «Ամերիկան աչք պիտի չփակէ Իրաքի մէջ ամերիկացիներու կեանքեր վտանգող որեւէ յարձակումի կամ սպառնալիքի դիմաց», շեշտեց ամերիկեան...

Փեքին. «Քորոնա» Ժահրը 2015-ին  Արտադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ»

Փեքին. «Քորոնա» Ժահրը 2015-ին Արտադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաու Լի Ժիան յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ն է, որ «Քորոնա» ժահրը տարածած է Չինաստանի մէջ: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ «ՔՈՎԻՏ-19» ժահրը 2015-ին պատրաստուած է ամերիկացի գիտնականներու կողմէ: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Չինաստանին տրամադրած են ժահրին վերաբերեալ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր տեղեկութիւնները, եւ չին մասնագէտները արխիւէն գտած են «Նէյչըր...

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստի  Տարրալուծարանային  Փորձարկումներու Սկիզբ

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստի Տարրալուծարանային Փորձարկումներու Սկիզբ

Հոնկ Քոնկի բժիշկները կը ձեռնարկեն տարրալուծարանային փորձարկումներուն «Ռեմտեսիվիր» փորձառական պատուաստին, որ հաւանաբար արդիւնաւէտ կը նկատուի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին առումով: Այս մասին երէկ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հոնկ Քոնկի հիւանդանոցային հաստատութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչ Նկ Թին-եանը: «Բարոյագիտութեան բժշկական յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է քաղաքի պետական հիւանդանոցներուն մէջ «Ռեմտեսիվիր»-ի տարրալուծարանական փորձարկումներուն: Հետազօտութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն աւարտած են, եւ հաւասարապէս...

Փենթակոն. «Այզընհաուր»-ն Ու  «Թրումըն»-ը` Իրանը Հսկելու Համար»

Փենթակոն. «Այզընհաուր»-ն Ու «Թրումըն»-ը` Իրանը Հսկելու Համար»

Ամերիկեան «Պրէյքինկ Տիֆենս» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան բանակը իր ռազմակայաններուն դէմ յարձակումներէն ետք կ՛ամրապնդէ Իրաքի մէջ իր ուժերը: Կայքը նշեց, որ «Այզընհաուր» եւ «Թրումըն» օդանաւակիրները կը նաւարկեն դէպի Միջին Արեւելք, իսկ նաւազներու մեծաթիւ ուժ մը եւ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր պիտի տեղակայուին Իրաքի մէջ: Ամերիկեան կայքին համաձայն, այս քայլերը հակադարձութիւն են Իրաքի մէջ «Թաժի» ռազմակայանին վրայ կատարուած հրթիռային...

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Մէջ  «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը  Համեմատած Է Պատերազմի Հետ

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Համեմատած Է Պատերազմի Հետ

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու տարածքին նոր «Քորոնա» ժահրի տարածումը համեմատած է երկրին վրայ կատարուած յարձակումի հետ: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է Դեմոկրատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածուի առաջադրման համար իր մրցակից` Վերմոնթի նահանգէն ծերակուտական Պըռնի Սանտըրսի հետ կայացած պատկերասփռուած բանավէճի ընթացքին: «Ատիկա ճգնաժամ է, որ համազօր...

Չինաստանի Արդիւնաբերական Տնտեսութիւնը  «Քորոնա»-ին Պատճառով Վերջին  30 Տարուան Մեծագոյն Անկումը Կրած Է

Չինաստանի Արդիւնաբերական Տնտեսութիւնը «Քորոնա»-ին Պատճառով Վերջին 30 Տարուան Մեծագոյն Անկումը Կրած Է

Չինաստանի արդիւնաբերական արտադրութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին իր մեծագոյն անկումը արձանագրած է, որովհետեւ արագ տարածուող «Քորոնա» ժահրն ու ատոր դէմ կանխարգելիչ քայլերը լրջօրէն կը քայքայեն իր մեծութեամբ աշխարհի երկրորդը եղող տնտեսութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Կտրուկ անկում կրած են նաեւ քաղաքային ներդրումներն ու մանրածախ առեւտուրը: Գոյութիւն ունի վարկած, որ տարուան առաջին եռամսեակին Չինաստանի տնտեսական աճը կրնայ կրկնակի...

Page 472 of 884 1 … 471 472 473 … 884

Արխիւներ