Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատի Հարաւը Գտնուող Պասմայա Ռազմակայանին Ամերիկեան Բաժինը Հրթիռակոծուեցաւ

March 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի ռազմակայաններուն մէջ իրենց ուժերը ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներու քայլէն ետք,  մայրաքաղաք Պաղտատի հարաւը գտնուող Պասմայա ռազմայականին մէջ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի բաժինին վրայ հրթիռներ ինկան:

Ամերիկեան բանակը հաղորդեց, որ երկուշաբթի գիշեր երկու հրթիռներ ինկած են Պասմայա ռազմակայանին մէջ ամերիկեան ուժերու դիրքերուն վրայ` նշելով, որ այդ հրթիռները արձակուած են Մաամել Թապուք Նահրուանի մէջ գտնուող արտերէ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հրթիռները թիրախ դարձուցած է իրաքեան ռազմակայան մը, որ կը հիւրընկալէ օտար ուժեր:

Միւս կողմէ, Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ին ու անոր Ապահովութեան խորհուրդին երկու բողոքագիրներ յղեց 13 մարտին ամերիկեան ուժերուն կողմէ իրաքեան բանակին ռմբակոծման դէմ, որուն պատճառով իրաքցի երկու զինուորներ եւ քաղաքային մը զոհուած էին:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկեան ռմբակոծումը նկատեց «թշնամական արարք մը եւ բացայայտ խախտում մը երկրին մէջ ամերիկեան ուժերու պայմաններուն»:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ին ու Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած բողոքագիրները «կը հաստատեն, որ առանց կառավարութեան համաձայնութեան որեւէ յարձակում կամ քայլ կը նկատուի սադրիչ արարք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկիրը անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրէ «ինքզինք պաշտպանելու համար», եթէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը յարձակումի ենթարկուին:

«Ամերիկան աչք պիտի չփակէ Իրաքի մէջ ամերիկացիներու կեանքեր վտանգող որեւէ յարձակումի կամ սպառնալիքի դիմաց», շեշտած էր ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

 

 

Նախորդը

Ջաւախքի Մէջ Մեկուսացումի Միջոցառումներ

Յաջորդը

Քաթար Եւ Քուէյթ Օժանդակութիւն Կ՛ուղարկեն Իրան

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.