Միջազգային

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի.  «Քորոնա» Ժահրի Բռնկումը Կրնայ Յանգեցնել  Գրեթէ 8 Միլիոն Բրիտանացիներու  Հիւանդանոց Մուտք Գործելուն

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի. «Քորոնա» Ժահրի Բռնկումը Կրնայ Յանգեցնել Գրեթէ 8 Միլիոն Բրիտանացիներու Հիւանդանոց Մուտք Գործելուն

«Քորոնա» ժահրի բռնկումը Բրիտանիոյ մէջ կրնայ տեւել մինչեւ յաջորդ տարուան գարուն, եւ հիւանդանոցի մէջ դարմանում կրնայ պահանջուիլ Բրիտանիոյ 7,9 միլիոն քաղաքացիներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` վկայակոչելով իր տրամադրութեան տակ յայտնուած գաղտնի քննարկման նիւթերը, որոնք «Փապլիք Հելթ Ինկլընտ» կառավարական բժշկական ծառայութիւնը պատրաստած է Անգլիոյ առողջապահութեան ազգային համակարգի ղեկավարութեան համար: «Բնակչութեան մինչեւ 80 առ հարիւրը, ինչպէս կ՛ակնկալուի, յառաջիկայ...

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Մարդիկը  Տարեսկիզբէն Ի Վեր Գրեթէ  1 Եռիլիոն Տոլար Կորսնցուցած Են

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Մարդիկը Տարեսկիզբէն Ի Վեր Գրեթէ 1 Եռիլիոն Տոլար Կորսնցուցած Են

Աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոց կարողութիւնը «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան գնահատականով, 2020 թուականի սկիզբէն ի վեր միագումար կրճատուած է գրեթէ 1 եռիլիոն տոլարով: «12 մարտին, աշխարհի 500 ամէնէն հարուստ մարդիկ կորսնցուցած էին 331 միլիառ տոլար, ինչ որ մեծագոյն միօրեայ անկումը դարձած է «Պլումպըրկ Պիլիըներզ Ինտեքս»-ի ամբողջ ութամեայ պատմութեան ընթացքին: Անիկա յանգեցուցած է 950 միլիառ տոլար տարեկան ընդհանուր վնասի», կը նշէ լրատու գործակալութիւնը:...

«Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը  Եւրոպայի Մէջ Տակաւին Նոր Կը Սկսի»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը Եւրոպայի Մէջ Տակաւին Նոր Կը Սկսի» Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը նոր կը սկսի, մարդոց առողջութիւնը բացարձակ առաջնահերթութիւն է: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Այս համաճարակը մեզի համար սկզբնական փուլին մէջ է, անիկա Եւրոպայի մէջ նոր կը զարգանայ եւ աւելի աշխուժ կը դառնայ: Ես կը խնդրեմ մեծահասակներէն, երկարատեւ հիւանդութիւններ ունեցողներէն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոցմէ տունը մնալ: Ի հարկէ,...

Ցուցարարներ Կը Փորձեն Արգելք Հանդիսանալ  Հալէպ-Լաթաքիա Մայրուղիին Վրայ Ռուս-Թրքական  Առաջին Հսկողութեան Ուժին

Ցուցարարներ Կը Փորձեն Արգելք Հանդիսանալ Հալէպ-Լաթաքիա Մայրուղիին Վրայ Ռուս-Թրքական Առաջին Հսկողութեան Ուժին

Մոսկուա. «Թրքական Կողմին Յաւելեալ Ժամանակ Կու Տանք Ահաբեկիչները Վնասազերծելու  Եւ Հսկողութեան Ուժի Ճամբան Ապահովելու Համար» «Էմ-4» միջազգային մայրուղիին մօտ գտնուող Նայրապ գիւղին մէջ տասնեակներով ցուցարարներ հաւաքուեցան` արգելք հանդիսանալու հասար ռուս-թրքական առաջին հսկողութեան ուժին շրջանէն անցնելուն: Ցուցարարները անիւներ հրկիզեցին` փորձելով արգելք հանդիսանալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ գոյացած Մոսկուայի համաձայնութեան գործադրութեան առաջին քայլին: Տեղական աղբիւրներ...

«Քորոնա» Ժահրի Պատճառով Արտակարգ  Դրութիւններ Եւ Առողջապահական Մեկուսացում

«Քորոնա» Ժահրի Պատճառով Արտակարգ Դրութիւններ Եւ Առողջապահական Մեկուսացում

Աշխարհի վրայ նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով մահացածներուն թիւը շրջանցեց 6000-ը, երբ Սպանիան յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին իր հողերուն վրայ ժահրին պատճառով արձանագրուած է 105 մահ, եւ 2000 վարակման նոր պարագաներ յայտնաբերուած են: Ընդհանուր առմամբ աշխարհի վրայ վարակուած 159844 անձերէն 6036-ը մահացան: Չինաստան կը շարունակէ մնալ ամէնէն մեծաթիւ մահեր ունեցող երկիրը (3199), սակայն ժահրը սկսած է շատ արագ...

Իրան «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Յետաձգած Է  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը

Իրան «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Յետաձգած Է Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը

Իրան «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը յետաձգած է մինչեւ սեպտեմբեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի սահմանադրութեան պահանման խորհուրդի բանբեր Ապպաս Ալի Քատխոտայիին: «Նկատի ունենալով երկրին իրավիճակը, յարգելի ներքին գործոց նախարարը առաջարկած է երկրորդ փուլի կատարման թուականը 17 ապրիլէն փոխել սեպտեմբեր 2020-ին: Երկու առաջարկուած թուականներէն` 11 կամ 18 սեպտեմբեր, Սահմանադրութեան պահպանման խորհուրդը...

Միսմարի Էրտողանը Կ՛ամբաստանէ Լիբանանի Դրօշը  Բարձրացուցած Նաւով Վարձկաններ  Լիպիա Փոխադրելու Յանցանքով

Միսմարի Էրտողանը Կ՛ամբաստանէ Լիբանանի Դրօշը Բարձրացուցած Նաւով Վարձկաններ Լիպիա Փոխադրելու Յանցանքով

Լիպիոյ Մէջ Զօր. Հաֆթարի Բանակը Թուրք Զինուորներ Եւ Թրքական Զինուորական Պահեստներ Վնասազերծած Է Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակը հարուածներ հասցուցած է Միթիկի օդակայանին` վնասազերծելով քանի մը թուրք զինուորներ: «Վերջին օրերուն մենք հարուածներ հասցուցած ենք Թրիփոլիի մէջ Միթիկի օդակայանի զինուորական կառոյցներուն դէմ, որոնք կը պատկանին թրքական զինեալ ուժերուն: Անոնք ոչնչացուած են, անոնք ռատարներ եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր են: Թուրք զինուորականներու...

Թրամփ Ընդլայնած Է Եւրոպայի Հետ  Ճամբորդական Սահմանափակումները

Թրամփ Ընդլայնած Է Եւրոպայի Հետ Ճամբորդական Սահմանափակումները

Թրամփի վարչակազմը յայտարարած է դէպի Եւրոպա եւ Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ ճամբորդութիւններու սահմանափակումներու ընդլայնման մասին` Բրիտանիան եւ Իրլանտան ներառելով արգելքի տակ յայտնուած երկիրներու ցանկին վրայ: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ կը սերտէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուղեւորութիւնները սահմանափակելու տարբերակը, սակայն մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած: Յիշեցնենք, որ ամերիկեան վարչակազմը նախապէս «Քորոնա»...

Եունեսքօ. «Աշխարհի Վրայ 370 Միլիոն  Աշակերտներ «Քորոնա»-ի Պատճառով  Դպրոց Չեն Յաճախեր»

Եունեսքօ. «Աշխարհի Վրայ 370 Միլիոն Աշակերտներ «Քորոնա»-ի Պատճառով Դպրոց Չեն Յաճախեր»

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կոչ ուղղած է «Քորոնա» ժահրի` «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարելու նպատակով հաստատուած առողջապահական մեկուսացումի պայմաններուն պատճառով երեխաները չզրկել կրթութեան իրաւունքէն: Ըստ կառոյցի տուեալներուն, այս օրերուն ամբողջ աշխարհի վրայ շուրջ 370 միլիոն աշակերտ դպրոց չի յաճախեր: Այս մասին կը գրէ «Ինպիզնես» կայքը: «Առնուազն մէկ ամիս առաջ Չինաստանը միակ երկիրն էր, ուր հաստատուած էր դպրոցներու փակման անհրաժեշտութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր 29 երկիր...

Թուրքիա Կը Մերժէ Իր Ծանր Զէնքերը Հեռացնել  Իտլիպի Մէջ Գտնուող Հսկողութեան Կէտերէն

Թուրքիա Կը Մերժէ Իր Ծանր Զէնքերը Հեռացնել Իտլիպի Մէջ Գտնուող Հսկողութեան Կէտերէն

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ թրքական բանակը իր ծանր զէնքերը պիտի չհեռացնէ Իտլիպի մէջ հսկողութեան կէտերէն: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական հսկողութեան կէտերը պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, ըստ Սոչիի եւ Ասթանայի մէջ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, թրքական զինուորական աղբիւր մը, խօսելով «Էմ4» մայրուղիէն հեռանալ մերժող ծայրայեղական խմբաւորումներուն նկատմամբ Անգարայի որդեգրելիք քայլերուն մասին, ըսաւ. «Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց,...

Միացեալ Նահանգներ Արտակարգ Դրութիւն  Յայտարարած Են «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Միացեալ Նահանգներ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարած Են «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց նոր «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Ան յանձնարարեց բանալ արտակարգ կեդրոններ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ, իսկ հիւանդանոցներուն` մշակել ու կիրարկել արտակարգ իրավիճակներու գործողութիւններու ծրագիր: 13 մարտի դրութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման 1629 պարագայ, 41 հոգի մահացած է:

Իրաքի Նախագահութիւնը Կը Դատապարտէ  Իրաքեան Բանակին Ու Աշխարհազօրին Վրայ  Ամերիկեան Յարձակումը

Իրաքի Նախագահութիւնը Կը Դատապարտէ Իրաքեան Բանակին Ու Աշխարհազօրին Վրայ Ամերիկեան Յարձակումը

Իրաքի նախագահական պալատը դատապարտեց իրաքեան բանակին ու աշխարհազօրի դիրքերուն վրայ ամերիկեան յարձակումը` զայն նկատելով «ազգային գերիշխանութեան ոտնահարում»: Նախագահութիւնը պահանջեց, որ հարցերու լուծումը ըլլայ «կառավարութեան աջակցելով, որպէսզի իր պարտաւորութիւնը կատարէ»: «Այն շարունակուող ոտնահարումները, որոնց պետութիւնը կ՛ենթարկուի, իր կարողութեան ու վարկին ծրագրուած ու վտանգաւոր տկարացում մըն է», նշուած է Իրաքի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Ամերիկեան ռմբաձիգներ երէկ յարձակումներ գործեցին Ժարաֆ Սախըրի,...

Չինաստան Բժիշկներու Խումբ Մը Ուղարկեց  Իտալիա` Պայքարելու Համար «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

Չինաստան Բժիշկներու Խումբ Մը Ուղարկեց Իտալիա` Պայքարելու Համար «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

Չինաստանէն Իտալիա մեկնած է 9 հոգիէ բաղկացած բժիշկներու խումբ մը, որ պիտի օգնէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Չայնա Մոռնինկ Փոսթ»-ը: Բժիշկները Իտալիա հասած են Շանկհայէն: Անոնք իրենց հետ տարած են անհրաժեշտ բժշկական եւ պաշտպանական նիւթեր, ընդհանուր առմամբ` 30 թոն: Իտալիոյ մէջ Չինաստանի դեսպան Լի Ցզիւնխուան բացատրած է, որ Իտալիոյ մէջ համաճարակի դէմ պայքարի փորձառութեան պակաս...

Յունաստանի Առաջին Կին Նախագահը Երդման  Արարողութենէն Ետք Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Յունաստանի Առաջին Կին Նախագահը Երդման Արարողութենէն Ետք Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Յունաստանի նոր նախագահ Եքաթերինա Սաքելարոփուլու կատարեց երդման արարողութիւնը եւ ստանձնեց պետութեան ղեկավարի պաշտօնը: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` յունական խորհրդարանի յատուկ նիստի ընթացքին: Սաքելարոփուլուն դարձաւ Յունաստանի պատմութեան մէջ առաջին կին նախագահը: Աւանդութեան համաձայն, պետութեան ղեկավարի երդումը ընդունեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իրերոնիմը` Եպիսկոպոսական խորհուրդի անդամներուն ներկայութեամբ: Երդման արարողութենէն ետք նոր նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, վարչապետն ու արքեպիսկոպոսը արձանագրութիւն ստորագրած են պետութեան...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանը` Հայերու, Թալիշներու Եւ Լեզգիներու Դէմ Խտրականութեան Համար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանը դատապարտած է հայերու, թալիշներու եւ լեզգիներու իրաւունքներու խախտման համար: Համապատասխան զեկուցումին մէջ կը յիշատակուին այն դէպքերը, երբ հայկական մականուններով մարդիկ հետապնդման կ՛ենթարկուին Ազրպէյճան այցելելու ժամանակ: Բացի ատկէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճանի մէջ հայերուն նկատմամբ ատելութեան գաղափարներով կը մեծնայ ամբողջ սերունդ մը: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը խօսուի երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն` թալիշներուն եւ...

Զօր. Մքենզի Նշանակուեցաւ Ամերիկեան  Բանակի Կեդրոնական  Սպայակոյտի Նոր Հրամանատար

«Քորոնա» Ժահրը Իրանը Աւելի Վտանգաւոր Կը Դարձնէ» Կ՛ըսէ Զօր. Մքքենզի

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մքքենզի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումէն յառաջացած համաճարակը Իրանը աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ: «Այս կացութիւնը կ՛ազդէ անոնց որոշում տալու ձեւին վրայ, եւ կը կարծեմ, որ կը դանդաղեցնէ զիրենք: Կը կարծեմ, որ անոնք իսկականէն նուազ թիւեր կը յայտարարեն», ըսաւ զօրավարը: Զօր. Մքքենզի նշեց, որ հակառակ անոր որ վստահ չէ ժահրի ազդեցութեան տարողութենէն,...

Եւրոպական Միութիւնը 2000 Եւրօ Կ՛առաջարկէ  Կամովին Իր Երկիր Վերադարձող  Իւրաքանչիւր Գաղթականի

Եւրոպական Միութիւնը 2000 Եւրօ Կ՛առաջարկէ Կամովին Իր Երկիր Վերադարձող Իւրաքանչիւր Գաղթականի

Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին քաղաքականութեան յանձնակատար Իլվա Եոհանսըն յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 2000 եւրօ պիտի վճարէ Յունաստանի մէջ գաղթականներու ճամբարներու մէջ գտնուող ոեւէ գաղթականի, որ կ՛ուզէ իր երկիրը վերադառնալ: Ան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է յունական կառավարութեան հետ: «Դրամական առաջարկը միայն մէկ ամսուան համար է եւ յատկացուած է գաղթականներուն, որոնք յունուարէն առաջ հասած են: Գոյութիւն ունին 5 հազար գաղթականներ,...

«Ուիքիլիքս»-ի Իրազեկիչ Չելսի  Մենինկ Ազատ Արձակուեցաւ

«Ուիքիլիքս»-ի Իրազեկիչ Չելսի Մենինկ Ազատ Արձակուեցաւ

Պետական գաղտնի տեղեկութիւններու գայթակղալի հրապարակումներով զբաղող «Ուիքիլիքս» կայքի իրազեկիչ Չելսի Մենինկ բանտէն ազատ արձակուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին աշխատակիցը բանտարկուած էր նախորդ տարուան մայիսին եւ կը գտնուէր Վըրճինիա նահանգի բանտերէն մէկուն մէջ: Մենինկ մերժած էր «Ուիքիլիքս»-ի գործով վկայութիւն տալ: Այժմ դատաւորը վճռած է, որ այլեւս Մենինկի կողմէ վկայութիւն տալու անհրաժեշտութիւն չկայ: Աղբիւրը կը յիշեցնէ,...

«Ռուսիոյ Առաւելութիւնը Ոչ Թէ Քարիւղն  Ու Կազն Են, Այլ Վլատիմիր Փութինը»  Կ՛ըսէ Տումայի Նախագահը

«Ռուսիոյ Առաւելութիւնը Ոչ Թէ Քարիւղն Ու Կազն Են, Այլ Վլատիմիր Փութինը» Կ՛ըսէ Տումայի Նախագահը

Ռուսիոյ պետական Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին անդրադարձած է երկրի գործող նախագահին դարձեալ վերընտրուելու կարելիութիւն տուող սահմանադրական փոփոխութիւններու նիւթին: Ան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահը այլ պետութիւններու կողմէ կ՛ընկալուի իբրեւ խնդիրները արդիւնաւէտ կերպով լուծող մարդ, որ ունակ է զարգացնելու Ռուսիան: «Այսօր Փութինը այլ պետութիւններու կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ մարդ, որ արդիւնաւէտ կերպով կը լուծէ խնդիրները եւ ունակ է...

Ռուսիոյ Բնակիչներու 64 Առ Հարիւրը  Պատրաստ Է Սահմանադրական  Բարեփոխումներուն Թեր Քուէարկելու

Ռուսիոյ Բնակիչներու 64 Առ Հարիւրը Պատրաստ Է Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Թեր Քուէարկելու

Ռուսիոյ բնակիչներուն մեծ մասը` 64 առ հարիւրը պատրաստ է սահմանադրական բարեփոխումներուն թեր քուէարկելու: Բնակիչներուն միայն 15 առ հարիւրը դէմ պիտի քուէարկէ, իսկ 21 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած: Այս մասին կը վկայեն Հանրային կարծիքի հետազօտման համառուսական կեդրոնին կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 87 առ հարիւրը տեղեակ է տեղի ունենալիք քուէարկութեան մասին, իւրաքանչիւր երկրորդ քաղաքացի գիտէ քուէարկութեան ճշգրիտ օրը: Ռուսերուն...

Page 473 of 884 1 … 472 473 474 … 884

Արխիւներ