Միջազգային

Իտլիպի Մէջ Թրքական Շարասիւն Մը Ենթարկուած Է Յարձակումի

Իտլիպի Մէջ Թրքական Շարասիւն Մը Ենթարկուած Է Յարձակումի

Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Մաամպել շրջանին մէջ անծանօթ ուժեր յարձակում գործած են սուրիական հողերուն մէջ ապօրինաբար գտնուող թրքական բանակի շարասիւնի մը վրայ: Այս մասին կը յայտնէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով «Սթեփ Նիուզ» լրատու գործակալութեան: Սկիզբը տեղի ունեցած է երկու պայթում, ապա երկու կողմերուն միջեւ ընթացք առած է բախում մը: Ըստ լրատու գործակալութեան, տեղեկութիւններ կը ստացուին թրքական կողմէն սպաննուածներու մասին, սակայն...

Թրամփ Ինքզինք «Պատերազմական Ժամանակներու» Նախագահ Հռչակած Է

Թրամփ Ինքզինք «Պատերազմական Ժամանակներու» Նախագահ Հռչակած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքին պատճառով իր նախագահութեան ժամանակաշրջանը կարելի է «պատերազմական» նկատել: Այս մասին կը հաղորդէ «ֆոքս նիուզ» կայքը: «Որոշ առումներով ես ինքզինքս պատերազմական ժամանակի նախագահ կը նկատեմ», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը: Թրամփ այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է, երբ խօսած է Քորէական պատերազմի (1950-1953 թուականներ) ժամանակուան օրէնքի գործարկման մասին, որուն նպատակն է աշխուժացնել...

Ճափոնի Փոխվարչապետը Պնդած Է, Որ Ողիմպիական Խաղերը «Անիծուած», Են Եւ «Ատիկա Փաստ Է»

Ճափոնի Փոխվարչապետը Պնդած Է, Որ Ողիմպիական Խաղերը «Անիծուած», Են Եւ «Ատիկա Փաստ Է»

Ճափոնի փոխվարչապետ Թարօ Ասօ յայտարարած է, որ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը «անիծուած» են: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ վերջին օրերուն կատարուած այն ենթադրութիւնները, թէ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ողիմպիական խաղերը ստիպուած պիտի ըլլան յետաձգել, աւելի իրատեսական կը դառնան: Թարօ Ասօ խորհրդարանական յանձնախումբին ըսած է, որ ողիմպիական խաղերը ամէն 40 տարին անգամ մը խափանուած են համաշխարհային իրադարձութիւններու պատճառով: Օրինակ,...

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարելու Համար Զինադադար Հաստատելու Միջազգային Կոչը

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարելու Համար Զինադադար Հաստատելու Միջազգային Կոչը

Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամբողջովին կը գնահատէ այն պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք «հետաքրքրութիւն ու նախանձախնդրութիւն յայտնեցին մեր երկրին յաւելեալ ողբերգութիւն խնայելու` կոչ ուղղելով թշնամական արարքներու անմիջական մարդասիրական դադրեցումի եւ զինուորական սարքերու փոխադրումը դադրեցնելու, որպէսզի տեղական իշխանութիւնները կարենան նոր «Քորոնա» ժահրին դէմ դնել: Ուստի կ՛ողջունենք այս կոչը»: Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան...

Ուքրանիան Բողոք Ներկայացուցած Է Փութինի Խրիմ Կատարած Այցելութեան Առնչութեամբ

Ուքրանիան Բողոք Ներկայացուցած Է Փութինի Խրիմ Կատարած Այցելութեան Առնչութեամբ

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Խրիմ կատարած պաշտօնական այցելութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Փութինի` Խրիմի ինքնավար հանրապետութիւն եւ Սեւաստոփոլ կատարած այցելութեան հետ կապուած ռուսական արտաքին գործող նախարարութեան բողոք կը ներկայացնենք», կը նշուի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Ուքրանացի դիւանագէտները մանրամասնած են, որ այդ այցելութիւնը Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ...

Փութին Համամիտ Չէ Զինք «Ցար» Կոչողներուն

Փութին Համամիտ Չէ Զինք «Ցար» Կոչողներուն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայն չէ այն մարդոց, որոնք զինք ցար կը կոչեն: «Ցարը ան է, որ հրամաններ կու տայ, իսկ նախագահը կ՛աշխատի ամէն օր», ըսած է Փութին ` ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ատիկա չի համապատասխաներ իրականութեան: Ես ամէն օր կ՛աշխատիմ, չեմ թագաւորեր», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէս կը վերաբերի այն իրողութեան, որ զինք...

Պայտըն Յաղթանակ Արձանագրեց Իլինոյզի Մէջ` Նախնական Ընտրութեան Մէջ Դարձեալ Իր Ետին Ձգելով Սանտըրսը

Պայտըն Յաղթանակ Արձանագրեց Իլինոյզի Մէջ` Նախնական Ընտրութեան Մէջ Դարձեալ Իր Ետին Ձգելով Սանտըրսը

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, որ կը յաւակնի Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուիլ, Ֆլորիտայէն ետք յաղթած է նաեւ Իլինոյզի նախնական ընտրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` հիմնուելով սեփական հաշուարկներու վրայ: «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի տուեալներով` Պայտըն ապահոված է քուէներու գրեթէ 57 առ հարիւրը, իսկ անոր գլխաւոր մրցակից ծերակուտական Պըռնի Սանտըրսը` 37,6 առ հարիւրը: Դեմոկրատականներու հիմնական թեկնածուները Պայտընն...

Մոսկուա. «Քորոնա»-Ի Պատճառով Համաշխարհային Տնտեսական Տագնապի Սպառնալիքը Բոլոր Պատժամիջոցներու Ջնջում Կը Պարտադրէ»

Մոսկուա. «Քորոնա»-Ի Պատճառով Համաշխարհային Տնտեսական Տագնապի Սպառնալիքը Բոլոր Պատժամիջոցներու Ջնջում Կը Պարտադրէ»

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քոսթանթին Քոսաչեւ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով համաշխարհային տնտեսական տագնապ յառաջանալու սպառնալիքը եւ քարիւղի գիներու նահանջը ՄԱԿ¬ի յայտարարած պատժամիջոցներէն բացի, բոլոր պատժամիջոցներուն ջնջումը հարկաւոր կը դարձնէ: Քոսաչեւ դիմատետրեան իր էջին վրայ գրեց. «Այս տագնապները երկարաժամկէտ վտանգներ կը ստեղծեն` մարդկութիւնը տնտեսական երկարաժամկէտ ճահճացում մուտք գործելուն»: Ըստ անոր` «Քննարկուած դիմակայման քայլերուն` պատուաստներէն մինչեւ քարիւղի նոր...

«Լոքհիտ Մարթին»-ը Ցոյց Տուած Է, Թէ Ինչպէ ՛ս Կ՛ոչնչացնէ Ռուսական «Թոփոլ-Մ» Եւ «Էս-400» Համակարգերը

«Լոքհիտ Մարթին»-ը Ցոյց Տուած Է, Թէ Ինչպէ ՛ս Կ՛ոչնչացնէ Ռուսական «Թոփոլ-Մ» Եւ «Էս-400» Համակարգերը

Աշխարհի զինուորական մեծագոյն արդիւնաբերական ընկերութիւնը` ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին»-ը «ԵուԹիուպ»-ի վրայ հրապարակած է տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէ ընկերութեան մէջ առաւել ժամանակակից եւ գաղտնի գործունէութեամբ զբաղող «Սքանք Ուորքս» ստորաբաժանման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը: Տեսանիւթին մէջ պատկերուած է «Թոփոլ-Մ» ռազմավարական նշանակութեան հրթիռային համակարգի եւ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ոչնչացումը: Կը նշուի, որ թիրախներու ոչնչացումը կը կատարուի թեւաւոր հրթիռով,...

«Սիւլէյմանիի Սպանութիւնը Անպատասխան Չենք Ձգած Եւ Պիտի Չձգենք»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Սիւլէյմանիի Սպանութիւնը Անպատասխան Չենք Ձգած Եւ Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ Թեհրան պատասխանած է Ուաշինկթընին Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար, սակայն այդպիսով իրանեան պատասխանը տակաւին չէ աւարտած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ամերիկացիները սպաննած են մեր փառաւոր զօրավարը, մենք ատիկա անպատասխան չենք ձգած եւ երբեք պիտի չձգենք», հաստատած է Իրանի նախագահը: «Անոնք կը կարծէին, թէ կրնան ընկճել...

Ֆրանսական «Սանոֆի» Ընկերութիւնը Կը Յայտարարէ, Թէ «Քորոնա»-ի Դէմ Յաջող Դեղ Պատրաստած Է

Ֆրանսական «Սանոֆի» Ընկերութիւնը Կը Յայտարարէ, Թէ «Քորոնա»-ի Դէմ Յաջող Դեղ Պատրաստած Է

Ֆրանսական դեղերու արտադրութեան «Սանոֆի» ընկերութիւնը յայտնեց, որ իր կատարած «շատ դրական» փորձարկումներէն ետք, պատրաստ է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու դարմանման համար տրամադրել 300 հազար դեղահատ տրամադրել: Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ մալարիայի դէմ եղող դեղը մեծ ազդուութիւն ցուցաբերած է նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն դարմանման մէջ: Ֆրանսական ընկերութեան բանբերը ԱՖՓ-ի յայտնեց, որ այդ դեղին վրայ կատարած փորձարկումներուն քաջալերական արդիւնքներուն լոյսին տակ, «Սանոֆ»-ի կը խոստանայ...

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կը Խոստովանի, Որ Քաղաքական Պաշտօնատարները Սկիզբը «Քորոնա»-ի Վտանգը «Թերագնահատած Են»

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կը Խոստովանի, Որ Քաղաքական Պաշտօնատարները Սկիզբը «Քորոնա»-ի Վտանգը «Թերագնահատած Են»

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլի վոն տեր Լէյեն խոստովանեցաւ, որ քաղաքական պաշտօնատարները նոր «Քորոնա» ժահրին ներկայացուցած վտանգի տարողութեան «կարեւորութիւնը թերագնահատած են»: Ան այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Վոն տեր Լէյեն օրաթերթին յայտնեց. «Մենք մասնագէտներ չենք. կը կարծեմ, բոլորս ալ, սկիզբը թերագնահատեցինք այս ժահրին կարեւորութիւնը: Սակայն ի յայտ եկաւ, որ մեզ երկար ատեն մտահոգելիք ժահր մըն է»: «Անդրադարձանք,...

Եմէնեան Ուժերը Ժաուֆ Նահանգը Ամբողջութեամբ Առին Իրենց Վերահսկողութեան Տակ

Եմէնեան Ուժերը Ժաուֆ Նահանգը Ամբողջութեամբ Առին Իրենց Վերահսկողութեան Տակ

Եմէնեան ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ երէկ յայտարարեց, որ եմէնեան ուժերը յաջողած են Ժաուֆ նահանգը ամբողջութեամբ առնել իրենց վերահսկողութեան տակ` հաստատելով, որ կրնան աշխարհագրական տարբեր կացութիւններու մէջ եւ մրցանշային միջոցի մը մէջ նոր հաւասարակշռութիւններ ստեղծել: Սարիհ աւելցուց, որ եմէնեան զինեալ խմբաւորումները «Մեծ արհեստավարժութեամբ կը գործադրեն մարտական տարբեր առաքելութիւնները»` նշելով, որ անոնք յաջողեցան պաշտպանութեան փուլէն զինուորական ամբողջական ռազմավարութեան մը ծիրին մէջ անցնիլ...

«Քորոնա»¬ի Պատճառով Աշխարհի Աշակերտներուն Եւ Ուսանողներուն Կէսը Զրկուած Է Ուսումէ» Կ՛ըսէ Եունեսքօ

«Քորոնա»¬ի Պատճառով Աշխարհի Աշակերտներուն Եւ Ուսանողներուն Կէսը Զրկուած Է Ուսումէ» Կ՛ըսէ Եունեսքօ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ն յայտարարեց. «Աշխարհի վրայ աւելի քան 850 միլիոն երիտասարդ` այսինքն աշակերտներուն եւ ուսանողներուն թիւին շուրջ կէսը, մինչեւ երէկ ստիպուեցան «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով իրենց տուները մնալ` չկարենալով իրենց կրթական հաստատութիւնները երթալ»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ն յայտնեց, որ 102 երկիրներու մէջ դպրոցներու եւ համալսարաններու ամբողջական եւ 11 այլ երկիրներու մէջ մասնակի փակումներու պատճառով կրթութենէն զրկուածներուն թիւը չորս օրերու ընթացքին աւելի քան կրկնապատկուեցաւ եւ կը...

Սուրիա Կը Քննադատէ Ամերիկեան-Բրիտանական-Ֆրանսական-Գերմանական Հաղորդագրութիւնը

Սուրիա Կը Քննադատէ Ամերիկեան-Բրիտանական-Ֆրանսական-Գերմանական Հաղորդագրութիւնը

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ արեւմտեան թշնամական կեցուածքները Սուրիան աւելի վճռակամ պիտի դարձնեն պաշտպանելու իր ժողովուրդը, պահպանելու իր գերիշխանութիւնը, ազգային անկախ որոշումն ու վերականգնելու այն, ինչ որ ահաբեկչութիւնը քանդեց: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ հակամարտութեան 9-ամեակին առթիւ հրապարակուած ամերիկեան¬բրիտանական¬ֆրանսական¬գերմանական հաղորդագրութեան մէջ նշուածը կու գայ հաստատելու, որ այդ երկիրները սուրիացի ժողովուրդին դէմ պատերազմը...

Էրտողան Կը Բանակցի Եւրոպական Միութեան Ղեկավարներուն Հետ` Գաղթականներուն Համար Դարձեալ Գումար Ստանալու Հարցին Շուրջ

Էրտողան Կը Բանակցի Եւրոպական Միութեան Ղեկավարներուն Հետ` Գաղթականներուն Համար Դարձեալ Գումար Ստանալու Հարցին Շուրջ

  Թուրքիա կը շարունակէ պնդել, որ Եւրոպական Միութեան երկիրները գաղթականներու ճգնաժամը լուծելու համար պէտք է նոր դրամական պարտաւորութիւններ ստանձնեն, որպէսզի տասնեակ հազարաւոր գաղթականներուն չարտօնուի լքել Թուրքիան եւ կտրել Եւրոպայի սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Անցեալ ամիս Իտլիպի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք, Էրտողան բացած էր սահմաններն ու գաղթականներուն կոչ ուղղած` Եւրոպա երթալու, այդպիսով կրկնելով 2015 թուականին...

Փոմփէօ Կը Ճշդէ Իրաքի Նոր Վարչապետին Ամերիկեան Աջակցութիւն Տրամադրելու Նախապայմանները

Փոմփէօ Կը Ճշդէ Իրաքի Նոր Վարչապետին Ամերիկեան Աջակցութիւն Տրամադրելու Նախապայմանները

Իրաքի նոր վարչապետ Ատնան Զուրֆի Միացեալ Նահանգներէն աջակցութիւն պիտի ստանայ, եթէ գլխաւոր առաջնահերթութիւն նկատէ երկիրի գերիշխանութիւնը, փտածութեան դէմ պայքարն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իր գրառման մէջ կը նշէ. «Իրաքցիները կ՛ուզեն ունենալ այնպիսի կառավարութիւն մը, որ պիտի պաշտպանէ Իրաքի...

11 Տարի Առաջ Հրատարակուած Գիրքի Մը Մէջ Կանխագուշակուած Է «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը

11 Տարի Առաջ Հրատարակուած Գիրքի Մը Մէջ Կանխագուշակուած Է «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը

Ֆրանսացի հեղինակաւոր պատմագէտ, աշխարհաքաղաքագէտ եւ լրագրող Ալեքսանտր Ատլէր, որ հակառակ իր ձախակողմեան կազմաւորման ու համոզումներուն, մաս կը կազմէ աջակողմեան «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի խմբագրութեան, 2009-ին հրատարակած իր «Սի.Այ.Էյ.-ի գաղտնի թղթածրարները» գիրքին մէջ կը զգուշացնէր «Քորոնա» ժահրի պատճառելիք համաշխարհային համաճարակէ մը: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին մէջ կը յայտնէ ՀՅԴ գործիչ Հրաչ Վարժապետեան: Գիրքին էջ 250-251-ի մէջ, «Հաւանական պայթումը համաշխարհային համաճարակի մը»...

«Քորոնա»-ին Պատճառով Աշխարհի Վրայ Դժուար Իրավիճակ Ստեղծուած Է, Սակայն Կեանքը Կը Շարունակուի», Ըսաւ Լաւրով

«Քորոնա»-ին Պատճառով Աշխարհի Վրայ Դժուար Իրավիճակ Ստեղծուած Է, Սակայն Կեանքը Կը Շարունակուի», Ըսաւ Լաւրով

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարին Մոսկուա այցելութիւնը կը փաստէ, որ, հակառակ «Քորոնա» ժահրի տարածման լոյսին տակ աշխարհի իրավիճակի բարդացման, կեանքը կը շարունակուի: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` նախքան հունգարացի պաշտօնակից Փեթեր Սիարթոյի հետ բանակցութիւններու մեկնարկը: «Աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրին պատճառով դժուար իրավիճակ ստեղծուած է, սակայն կեանքը կը շարունակուի», յստակացուցած է ան: «Մենք...

Հալէպ-Դամասկոս Կարեւոր Մայրուղիի Վերանորոգութիւնը Սկսած Է

Հալէպ-Դամասկոս Կարեւոր Մայրուղիի Վերանորոգութիւնը Սկսած Է

Սուրիոյ իշխանութիւնները զինեալներէն ազատագրուած Հալէպ եւ Սարաքեպ քաղաքներուն միջեւ գտնուող շրջանին մէջ սկսած են Հալէպ-Դամասկոս մայրուղիի վերանորոգման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Վերանորոգման աշխատանքները կը կատարուին արագ թափով, որպէսզի ապահովուի բնակչութեան տեղաշարժը: «Էմ¬5» մայրուղին Սուրիոյ հիմնական ճամբաներէն մէկն է, որ իրարու կը կապէ մայրաքաղաք Դամասկոսն ու երկիրի տնտեսական կեդրոն նկատուող Հալէպը: Մինչեւ վերջերս այս մայրուղիով երթեւեկը...

Page 471 of 884 1 … 470 471 472 … 884

Արխիւներ