Հակառակ անոր որ Ջաւախքի մէջ այս պահուս «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներ չեն արձանագրուած, սակայն կը կիրարկուին առողջապահական մեկուսացումի քայլեր, որոնց նպատակն է ժահրի հաւանական տարածումը չարտօնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ջաւախք Մետիա»-ն:
Ասիկա նախ եւ առաջ կը վերաբերի պետական սահմանները անցած, այլ պետութիւններէ հասած անձերու ինքնամեկուսացման:
Այս քայլերը կը կիրարկուին անկախ այն բանէն, թէ տուեալ պետութեան մէջ արդեօք արձանագրուա՞ծ է «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպք, թէ՞ ոչ:
Ախալցխայի մէջ ինքնամեկուսացուած են 18 անձեր, Ասպինձայի մէջ` 4 անձեր, Նինոծմինտայի մէջ` 4, Ատիկենի մէջ` 2: Ախալքալաքի եւ Ծալկայի մէջ այդպիսի դէպքեր չկան:
Հիւանդութիւններու ազգային կեդրոնի Սամցխէ-Ջաւախքի բաժանմունքի ղեկավարին համաձայն, օտար պետութիւններէն եկած անձերը ինքնամեկուսացման օրէնքները չեն խախտած: