Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր «Քորոնա» Ժահրին Շուրջ Տեսախորհրդաժողովի Ձեւաչափով Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Վեհաժողով

March 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը քննարկելու համար այսօր պիտի գումարէ տեսախորհրդաժողովի ձեւաչափով արտակարգ վեհաժողով մը: Այս մասին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել:

Սկիզբը ան յայտնած է, որ վեհաժողովը պիտի գումարուի 16 մարտին (երէկ, «Ա.»), սակայն աւելի ուշ իր գրառումը սրբագրած է:

«Որոշում տուի Եւրոպական խորհուրդի տեսախորհրդաժողովը կատարել 17 մարտին` քննարկելու համար «Քորոնա» ժահրին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Մենք պիտի քննարկենք հիւանդութեան տարածումը սահմանափակելու քայլերը, դեղամիջոցներու եւ բժշկական միջոցներու ճգնաժամային մատակարարումը, հետազօտութիւններու ընդլայնումը եւ տնտեսական վնասի նուազեցումը», յայտարարեց ան:

Էսթոնիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով մինչեւ 1 մայիս երկարող արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: Ռումանիան իր կարգին 30 օրով արտակարգ դրութիւն հաստատեց: Լիթուանիան մինչեւ 30 մարտ համազգային մեկուսացումի դրութիւն յայտարարեց:

Ռուսիան փակեց Պիելոռուսիոյ հետ իր սահմանը, իսկ Թունուզը` Լիպիոյ հետ իր սահմանը: Վրաստան արգիլեց օտարերկրացիներուն երկիր մուտքը:

Մինչ այդ, Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած մահերուն թիւը բարձրացաւ 853-ի, իսկ վարակուածներունը` 14991-ի: Մինչ Մեքսիքայի եւ Կուաթեմալայի մէջ արձանագրուեցան առաջին մահերը, Վենեզուելայի մէջ «Քորոնա»-էն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 17-ի, Թուրքիոյ մէջ` 18-ի, Յորդանանի մէջ` 12-ի, Իսրայէլի մէջ 250-ի, Քուէյթի մէջ` 123-ի, Հնդկաստանի մէջ` 110-ի, Աֆղանիստանի մէջ 21-ի, Պիելոռուսիոյ մէջ` 36-ի, Ռուսիոյ մէջ` 93-ի, Ֆինլանտայի մէջ` 272-ի, Ֆրանսայի մէջ 120-ի, Բրիտանիոյ մէջ` 1543-ի, իսկ Եգիպտոսի մէջ` 150-ի:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` վկայակոչելով քանատական Օնթարիոյի համալսարանին մէջ վարակիչ հիւանդութիւններու մասնագէտներու պատրաստած մէկ ուսումնասիրութիւնը, հաղորդեց, որ Եգիպտոսի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կրնայ յայտարարուածէն շատ աւելի մեծ ըլլալ: Մասնագէտներուն գնահատումով այդ թիւը 19310 է:

Թանզանիոյ եւ Լիպերիոյ մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին դէպքերը:

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Իտլիպի Մէջ Զինեալ Խմբաւորումները Չեն Յարգեր Զինադադարը»

Յաջորդը

Մաքրոն. «Եւրոպայի Հետ Մեր Սահմանը 30 Օրով Պիտի Փակենք` «Քորոնա»-ի Տարածումը Արգելակելու Համար»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.