Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ. «Ամերիկան Աչք Պիտի Չփակէ Իրաքի Մէջ Ամերիկացիներու Կեանքերուն Դէմ Որեւէ Սպառնալիքի Դիմաց»

Մարտ 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտել Մահտիին յայտնեց, որ իր երկիրը անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրէ «ինքզինք պաշտպանելու համար», եթէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը յարձակումի ենթարկուին:

Փոմփէօ շեշտեց, որ անհրաժեշտ հաշուետուութեան պէտք է ենթարկել այդ յարձակումին պատասխանատու խմբաւորումները:

«Ամերիկան աչք պիտի չփակէ Իրաքի մէջ ամերիկացիներու կեանքեր վտանգող որեւէ յարձակումի կամ սպառնալիքի դիմաց», շեշտեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ շաբաթ, 14 մարտին Իրաքի մէջ ամերիկեան Թաժի ռազմակայանին վրայ 33 հրթիռներով երկրորդ յարձակումը տեղի ունեցած էր:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յայտնաբերուած են հրթիռներու 7 հարթակներ, որոնք օգտագործուած են ռազմակայանին ամերիկեան բաժինը հարուածելու համար: Անոնց մէջ գտնուած են արձակուելու պատրաստ 24 հրթիռներ, որոնք իրաքեան բանակին կողմէ վնասազերծուած են:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի, 11 մարտին Թաժի ռազմակայանին վրայ հրթիռային յարձակումի մը պատճառով սպաննուած էին երկու ամերիկացի եւ մէկ բրիտանացի զինուորներ, իսկ այլ ազգերէ աւելի քան 10 զինուորներ վիրաւորուած էին:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած էր, թէ սպաննուած ամերիկացի եւ բրիտանացի զինուորները Միջազգային դաշինքի անդամներ էին:

 

 

Նախորդը

Փեքին. «Քորոնա» Ժահրը 2015-ին Արտադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ»

Յաջորդը

Մոսկուա. «Իտլիպի Մէջ Զինեալ Խմբաւորումները Չեն Յարգեր Զինադադարը»

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?