Հոնկ Քոնկի բժիշկները կը ձեռնարկեն տարրալուծարանային փորձարկումներուն «Ռեմտեսիվիր» փորձառական պատուաստին, որ հաւանաբար արդիւնաւէտ կը նկատուի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին առումով: Այս մասին երէկ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հոնկ Քոնկի հիւանդանոցային հաստատութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչ Նկ Թին-եանը:
«Բարոյագիտութեան բժշկական յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է քաղաքի պետական հիւանդանոցներուն մէջ «Ռեմտեսիվիր»-ի տարրալուծարանական փորձարկումներուն: Հետազօտութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն աւարտած են, եւ հաւասարապէս երեք մեծ հիւանդանոցներ` արքայադուստր Մարկրիթի, Կալեսի արքայազնի եւ Մարիա թագուհիի հիւանդանոցները պիտի սկսին հիւանդներ հաւաքագրել փորձարկումներու համար», պատմած է բժիշկը:
Խօսքը այն հակաժահրային պատուաստին մասին է, որ սկզբնապէս «Կիլիտ Սայընսըզ» ամերիկեան կենսադեղագործական ընկերութեան կողմէ մշակուած էր Իպոլա ժահրի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար:
Մասնագէտներ կը կարծեն, որ ատիկա կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ նաեւ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի բուժման առումով:
«ՔՈՎԻՏ-19»-ով ախտահարուած հիւանդներու վրայ այս պատուաստի տարրալուծարանային փորձարկումները արդէն կը կատարուին Չինաստանի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ անոնց արդիւնքները հրապարակուին մինչեւ ապրիլի վերջը:
Ատոր հետ միատեղ Թայուանի գիտնականները եւս վերջերս ինքնուրոյնաբար պատրաստած են «Ռեմտեսիվիր»-ը այն պարագային համար, եթէ անիկա արդիւնաւէտ ըլլայ «Քորոնա» ժահրի բուժման գործին մէջ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ վկայակոչելով ամերիկեան կառավարութենէն աղբիւր մը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստի առաջին տարրալուծարանային փորձարկումները:
Սիեթըլի «Քայզըր Փըրմընընթ Ուաշինկթըն Հելթ Ռիսըրչ» հետազօտական հիմնարկին մէջ 45 երիտասարդ առողջ կամաւորներու վրայ պիտի կատարուին առաջին փորձարկումները` Միացեալ Նահանգներու Առողջապահութեան ազգային հիմնարկի եւ «Մոտեռնա» ընկերութեան կողմէ պատրաստուած պատուաստանիւթի տարբեր դեղաչափերով:
Առողջապահութեան բնագաւառի աղբիւրները կը նշեն, թէ հաւանական պատուաստանիւթի լիարժէք ներդրման համար պիտի պահանջուի 12-էն մինչեւ 18 ամիս:
«Գիտական փորձարկումի մասնակիցներու վարակման հաւանականութիւնը բացառուած է, որովհետեւ նմուշները ժահր չեն պարունակեր: Փորձարկման խնդիրն է համոզուիլ, որ պատուաստանիւթերը լուրջ կողմնակի հետեւանքներ չունին, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ ձեռնարկել աւելի լայն փորձարկումներու», կը նշէ ֆրանսական լրատու գործակալութեան աղբիւրը:
Բացի ատկէ, «Ինովիօ Ֆարմասէօթիքըլզ» ընկերութիւնը կը փորձէ յառաջիկայ ամիս սկսիլ Փենսիլվանիոյ համալսարանին եւ Միզուրիի նահանգի Քանզաս Սիթի փորձառական կեդրոնին մէջ իր պատուաստանիւթի փորձարկումներուն` քանի մը տասնեակ կամաւորներու մասնակցութեամբ:
Չինաստանի Շանկհայ քաղաքին մէջ Գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան յանձնախումբի նախագահ Ժան Ցուան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է պատրաստութեանը մէջ «ՄՌՆԱ» պատուաստին, որուն վրայ կ՛աշխատին չին գիտնականները:
«Կը նախատեսուի, որ տարրալուծարանային փորձարկումները սկսին ապրիլի կէսերուն», աւելցուց ան:
Չինացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ գիտնականները սկսած են փորձարկումներ կատարել ստնաւոր անասունի մը վրայ` ճշդելու համար արժեչափերը, ինչպէս թունաւորութեան համեմատութիւնն ու ազդուութիւնը:
Ժան Ցուան նշեց, որ մուկերուն վրայ կատարուած փորձարկումները արտօնած են հակապիոթիք որոշ մարմիններ, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ: