Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Իտլիպի Մէջ Զինեալ Խմբաւորումները Չեն Յարգեր Զինադադարը»

March 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական զինեալ մեծ խմբաւորումներ չեն ընդունած ռուս-թրքական համաձայնութիւնը եւ արտաքին աջակցութեամբ յաջողած են վերազինուիլ եւ յարձակողական դիրքեր գրաւել:

Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ խմբաւորումները, որոնց շարքին են Հայըաթ Թահրրի Շամը (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») եւ Հուրրաս Տինը, մերժած են ընդունիլ վերջերս Իտլիպի մէջ զինադադար հաստատելու վերաբերեալ Մոսկուայի մէջ գոյացած ռուս-թրքական համաձայնութիւնները` օգտագործելով Քայիտայի նոյն գաղափարաբանական սկզբունքներն ու ահաբեկչական գործելաոճը:

«Համախմբուած գործունեայ ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամներուն շարքին կան կարգ մը ՏԱՀԵՇ-ականներ, ներառեալ անոնք, որոնք Սուրիոյ այլ շրջաններէ «անվտանգութեան միջանցքներ»-ու ճամբով հեռացուած են», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ զինեալ խմբաւորումներու անդամները հանդարտութեան ժամանակը օգտագործած են, վերախմբուած են, դարձեալ զինուած են` շնորհիւ արտաքին աջակցութեան, եւ անոնք յարձակումներ շղթայազերծելու պատրաստութեան մէջ են:

Մէկ օր առաջ «էմ-4» միջազգային մայրուղիին մօտ գտնուող Նայրապ գիւղին մէջ տասնեակներով ցուցարարներ հաւաքուած էին` արգելք հանդիսանալու համար ռուս-թրքական առաջին հսկողութեան ուժին շրջանէն անցնելուն:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ առնչութեամբ յայտարարած էր. «Թրքական կողմին յաւելեալ ժամանակ կը տրուի ահաբեկիչները վնասազերծելու եւ հսկողութեան ճամբան ապահովելու ու բնակիչներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»:

Նախորդը

Փոմփէօ. «Ամերիկան Աչք Պիտի Չփակէ Իրաքի Մէջ Ամերիկացիներու Կեանքերուն Դէմ Որեւէ Սպառնալիքի Դիմաց»

Յաջորդը

Այսօր «Քորոնա» Ժահրին Շուրջ Տեսախորհրդաժողովի Ձեւաչափով Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Վեհաժողով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.