Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Այզընհաուր»-ն Ու «Թրումըն»-ը` Իրանը Հսկելու Համար»

March 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Պրէյքինկ Տիֆենս» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան բանակը իր ռազմակայաններուն դէմ յարձակումներէն ետք կ՛ամրապնդէ Իրաքի մէջ իր ուժերը:

Կայքը նշեց, որ «Այզընհաուր» եւ «Թրումըն» օդանաւակիրները կը նաւարկեն դէպի Միջին Արեւելք, իսկ նաւազներու մեծաթիւ ուժ մը եւ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր պիտի տեղակայուին Իրաքի մէջ:

Ամերիկեան կայքին համաձայն, այս քայլերը հակադարձութիւն են Իրաքի մէջ «Թաժի» ռազմակայանին վրայ կատարուած հրթիռային յարձակումին, որուն պատճառով երկու ամերիկացի զինուորներ եւ բրիտանացի զինուոր մը սպաննուած էին:

Կայքը կ՛ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգներ ջանք կը թափեն Իրաքի մէջ իրադարձութիւններուն վրայ հսկողութիւնը ամրապնդելու:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ֆրանք Մքքենզի Փենթակոնի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումէն ետք, պաշտպանութեան նախարար Մայք Սփենսըր կանաչ լոյս տուած է «Այզընհաուր» եւ «Թրումըն» օդանաւակիրները Միջին Արեւելք ուղարկելուն:

Զօր. Մքքենզի յայտնեց, որ ուժերու այս ամրապնդումը պատգամ մըն է, ուղղուած` Իրաքի մէջ կատարուած յարձակումներուն պատասխանատուն նկատուող Իրանին, թէ Միացեալ Նահանգներ «եթէ պէտք ըլլայ» աւելի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ:

Ըստ Մքքենզիի, մօտ օրէն հրասանդներ պիտի ուղարկուին Իրաք` պաշտպանելու համար «Փաթրիոթ» համակարգերը:

Ան ըսաւ, որ 2500 նաւազներէ բաղկացած ուժ մը Արաբական ծովուն ճամբով կ՛ուղղուին Իրաք` աւելցնելով, որ այդ ուժը մարզուած է մարտանաւէն  «Օսփրէյ Վ22» ուղղաթիռ օդանաւով թռիչք կատարելու:

 

Նախորդը

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Համեմատած Է Պատերազմի Հետ

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստի Տարրալուծարանային Փորձարկումներու Սկիզբ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.